Անցնող շաբաթավերջին, Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Պատգ. Ժողովը, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչին, Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Թեսաղոնիկէի խումբերու պատգամաւորներուն, Պատանեկան միութեան Ընդհ. Վարիչ մարմնոյ, շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն եւ միութիւններու հրաւիրեալներու։ Ներկայ էր նաեւ «Ազատ Օր»-ը։
Ժողովը իր երկօրեայ տեւողութեամբ քննեց անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա շինիչ առաջարկներով շրջագիծի մէջ առաւ նոր տարեշրջանի ծրագիրները, յատկապէս կազմակերպչական, դաստիարակչական, Հայ դատի, Հայաստանի ու Արցախի եւ երիտասարդներու ներգրաւման բնագաւառներէն ներս։
Ժողովի ընթացքին, տեսակապով իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուները, որոնք զեկուցեցին համաերիտասարդական ծրագիրներուն մասին։
Աւարտին, ընտրուեցաւ 7-անդամ նոր Կեդրոնական վարչութիւն։
Յաջորդիւ, պիտի անդրադառնանք մանրամասն թղթակցութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Պատգամաւորական Ժողովը