­Չո­րեք­շաբ­թի, 12 ­Փետ­րո­ւար 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին նա­խա­գա­հու­թեամբ, ե­կե­ղեց­ւոյս սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ, նշո­ւե­ցաւ մեր ­Տի­րոջ ու Փր­կի­չին ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սին տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նը՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը: ­Կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նակ, ա­պա կա­տա­րեց մա­նուկ­նե­րու ըն­ծա­յու­մը Ս. ­Խո­րան՝ «Ք­րիս­տոս ­Փա­ռաց ­Թա­գա­ւոր…» շա­րա­կա­նին եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։ Ս Խ­խո­րա­նէն լոյ­սը առ­նե­լով վա­րեց ժո­ղո­վուր­դին մո­մե­րը իբ­րեւ Ք­րիս­տո­սի լոյս՝ զայն տա­րա­ծե­լու հա­մայն աշ­խար­հին:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, հոգշ. Հայր սուր­բը ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, թա­փօր կազ­մած, ուղ­ղո­ւե­ցաւ վա­ռե­լու ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կը: Ըն­թաց­քին, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բը ճո­խա­ցուց մթնո­լոր­տը՝ կրա­կին շուրջ շուրջ­պար բռնե­լով:

Թղթակից