Հայ Կապոյտ Խաչի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգային վարժարանի ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնն ու աշակերտութիւնը ուրախութիւնը ունին ձեզ հրաւիրելու Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի աւարտականներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենան վարժարանի բակին մէջ՝
— Մանկապարտէզ — Հինգշաբթի, 5 Յունիս, երեկոյեան ժամը 19:30-ին,
— Նախակրթարան — Հինգշաբթի, 12 Յունիս, երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
Հ.Կ.Խ.-ի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգային վարժարանի
ուսուցչական կազմ, տնօրէնութիւն եւ աշակերտութիւն