25 Մարտի՝ Յունաստանի անկախութեան տօնակատարութիւններուն, Գարէայի շրջանի հայութեան անունով, Աթէնքի «Գ. Լազեան» կոմիտէին կողմէ հանդիսութեան ներկայ եղաւ եւ դափնեպսակ զետեղեց ընկ. Սերգօ Գափլանեան, որ մաղթանքներ փոխանցեց շրջանի քաղաքապետ Ալեքսիս Սոթիրոփուլոսին եւ ներկայ եղող պաշտօնական հիւրերուն ու խորհրդարանի երեսփոխաններուն։ Առաջին անգամ ըլլալով աշակերտական տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գարէայի սկաուտական մասնաճիւղի սկաուտները, որոնք քալեցին հիւրերուն առջեւ Եռագոյն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշներով։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Վիրոնայի մէջ՝ հայկական մասնակցութիւն Յունաստանի անկախութեան տօնին առիթով