Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2026-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Գոմոթինիի հայկական համայնքի Մեսրոպ Մաշտոց միօրեայ վարժարանի 2026-2027 կրթական տարեշրջանի օրհնութեան կարգը, դպրոցական վերամուտին առիթով։
Ներկայ էին շրջանի թաղականութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան օրհնութեան կարգը կատարելէ ետք, ներկաները շնորհաւորեց նոր դպրոցական տարեշրջանը՝ մաղթելով անոնց յաջողութիւն։ Տէր հայրը իր խօսքին մէջ նշեց թէ այնքան որքան կարեւոր է ապրիլ Յունաստանի մէջ, յունարէն լեզուն լաւ խօսիլ, յունական դպրոց յաճախել, նոյնքան կարեւոր է որպէս հայեր՝ պահել մեր մայրենի լեզուն, մեր ինքնութիւնը, մեր հաւատքը, օգտագործելով մեր մեծազգանչ լեզուն ամէն օր ընտանիքէն ներս, դպրոցէն ներս եւ համայնքի կեանքին մէջ։
Թաղային խորհուրդի ատենապետը, իր կարգին, բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ յաջող ուսումնական տարի։ Դպրոցի ուսուցչուհի Ռուզաննա Զօհրապեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ հայկական համայնք յաճախելը շատ կարեւոր է փոքրիկներուն համար՝ ոչ միայն գիտելիքներու փոխանցման համար, այլ նաեւ շփուելու համար հայ մշակոյթին հետ, ստանալու հաւատքի զօրութիւնը եկեղեցւոյ ճամբով եւ դառնալու հայ գիրի աշակերտ։
Արարողութեան աւարտին, թաղային խորհուրդին կողմէ բաժուեցան նուէրներ եւ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտին ընթացքին ծնողներն ու աշակերտները շնորհաւորանքներ փոխանցեցին, խանդավառութեամբ սպասելով հայ լեզուի դասաւանդութիւնները։
ԹՂԹԱԿԻՑ










