­Հաս­տա­բուն կաղ­նիին վեր­ջին տե­րեւն ալ ին­կաւ։ ­Գա­ղու­թի պատ­մա­կան եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն մէջ ոտ­քի կանգ­նած ծա­ռը իր ճիւ­ղե­րը հարս­տա­ցուց ազ­գա­յին նո­ւի­րու­մի բարձր գի­տակ­ցու­թեան տէր նո­ւի­րեալ­նե­րով, ո­րուն յատ­կան­շա­կան ան­ձե­րէն մէկն էր հան­գու­ցեալ ­Վար­դու­հի ­Մա­նու­կեան։ Իր աչ­քե­րը փա­կեց 24 ­Փետ­րո­ւար 2026-ին, հա­սած ըլ­լա­լով խոր ծե­րու­թեան, իր ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նի­քի հո­գա­ծու­թեան ու սի­րոյ ներ­քեւ։
­Ժա­մա­նա­կի ան­խու­սա­փե­լի թա­ւա­լու­մին մէջ, ծա­ռին ծաղ­կուն տե­րեւ­նե­րը մէկ առ մէկ շի­ջե­ցան, ե­տին թո­ղե­լով յի­շո­ղու­թիւն­նե­րով եւ յու­նա­հայ պատ­մու­թեան մէջ նշա­նա­կա­լից ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով հա­րուստ է­ջեր։ ­Սե­րունդ մը, ո­րուն ու­սե­րուն վրայ վի­ճա­կո­ւե­ցաւ գա­ղու­թի յա­րա­տե­ւու­մը, յատ­կա­պէս ող­բեր­գա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէ յե­տոյ նօս­րա­ցու­մի ա­լի­քին դի­մա­կա­յե­լու՝ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գե­րա­գոյն գի­տակ­ցու­թեամբ։
­Վար­դու­հի ­Մա­նու­կեան ծնած էր 1932-ին, Տ­րա­փե­ցո­նա­յի մէջ եւ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած էր տեղ­ւոյն հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նէն ներս։ Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րուն, երբ շրջա­նը են­թար­կո­ւե­ցաւ բուռն ռմբա­կո­ծում­նե­րու, բազ­մա­թիւ հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնց կար­գին ­Վար­դու­հիին ըն­տա­նի­քը, տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան ­Գո­քի­նիա, այ­նու­հե­տեւ ի­րենց կեան­քը կա­պե­լով հա­յա­շատ շրջա­նի ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան հետ։
­Վար­դու­հին կը կա­րո­ղա­նայ յա­ճա­խել ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը եւ դառ­նալ շրջա­նա­ւարտ։ Իր սե­րուն­դի բո­լոր պա­տա­նի­նե­րուն նման ստա­ցաւ հա­յե­ցի կրթու­թիւն, հայ գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը ապ­րում դարձ­նե­լով իր մէջ եւ հետզ­հե­տէ կա­րո­ղա­նա­լով քար­տու­ղա­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ստանձ­նել միու­թե­նա­կան կեան­քէն ներս։ ­Յետ­պա­տե­րազ­մեան տա­րի­նե­րը դար­ձան վե­րապ­րու­մի ժա­մա­նակ­ներ, ուր դար­ձեալ ա­կումբ­ներն ու հայ­կա­կան օ­ճախ­նե­րը ե­ղան ժա­մա­նա­կի ե­րի­տա­սար­դու­թեան մտա­ւոր զար­գաց­ման մե­ղո­ւա­փե­թակ­նե­րը։ Ն­ման հա­յա­շունչ մթնո­լորտ կը տի­րէր գա­ղու­թա­յին ա­մէն քայ­լա­փո­խին՝ հա­յե­րէն լե­զուն իր տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին մօտ, իսկ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը ներշն­չու­մի աղ­բիւր կը դառ­նա­յին երկ­սեռ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար։ Ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժու­մը կ­՚ապ­րէր ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին վե­րելք մը, իսկ դաշ­նակ­ցա­կան ար­ժէք­նե­րը ի­րենց ա­մուր հի­մե­րը կը ստեղ­ծէին նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման մէջ։
­Վար­դու­հին, գա­ղա­փա­րա­կից այլ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ, մտաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը ու մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջին շուն­չը հա­ւա­տար­մօ­րէն փա­րե­ցաւ ա­նոր գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րուն։
Իր կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ ըն­տա­նի­քի կազ­մու­թեամբ։ ­Կեան­քի ճա­նա­պար­հը ­Վար­դու­հին միա­ցուց գա­ղու­թի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն՝ Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նին հետ, որ ար­դէն կուռ դաշ­նակ­ցա­կա­նի եւ ղե­կա­վար ըն­կե­րոջ համ­բա­ւը ու­նէր գա­ղու­թա­յին եւ կազ­մա­կեր­պա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Եր­կու­քը միա­սին կազ­մե­ցին ազ­գա­յին շուն­չով հա­մա­կո­ւած ըն­տա­նիք մը եւ բախ­տա­ւորո­ւե­ցան եր­կու մանչ զա­ւակ­նե­րով, ­Յա­րու­թիւնն ու Ար­մէ­նը, ո­րոնց, անս­պառ հո­գա­տա­րու­թեամբ եւ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան ո­գիով, ցոյց տո­ւին ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ու ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մի դժո­ւար՝ բայց միակ ճա­նա­պար­հը։
Ըն­տա­նե­կան դեր­ձա­կա­տու­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ փոքր ա­կում­բի մը, ուր Ե­րո­ւանդն ու ­Վար­դու­հին, ան­հուն ու­րա­խու­թեամբ կը դի­մա­ւո­րէին ըն­կեր­ներ, բա­րե­կամ­ներ ու գոր­ծա­կից­ներ, ազ­գա­յին հո­գե­րու եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու մա­սին ան­վերջ զրու­ցե­լու հա­մար։ Ե­րո­ւան­դի մտա­յին պա­շա­րը եւ ­Վար­դու­հիի աշ­խար­հա­յեացքն ու գի­տե­լիք­նե­րը շա­ղախ դար­ձան նոյ­նիսկ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ստա­ցած օ­գու­տին հա­մար այդ ե­րա­նե­լի հա­ւաք­նե­րէն ու զրոյց­նե­րէն։
­Վար­դու­հին հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցողն էր «Ա­զատ Օր»-ին, ո­րուն է­ջե­րուն սփո­փան­քը փնտռեց մին­չեւ յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քը։ Ու­նէր սե­փա­կան կար­ծիք, գի­տէր զայն ար­տա­յայ­տել ու հա­մո­զիչ դառ­նալ իր շուր­ջին­նե­րուն։ ­Կազ­մա­կեր­պա­կան եւ ժո­ղո­վա­կան կեան­քին մէջ եր­կար մաս­նակ­ցե­ցաւ՝ օ­րի­նա­կե­լի կար­գա­պա­հու­թեամբ ու իր տո­ւած եր­դու­մին հան­դէպ խո­րա­խոր­հուրդ հա­ւա­տար­մու­թեամբ։
Երբ այ­լեւս տա­րի­նե­րը սկսան ծան­րա­նալ իր յոգ­նա­բեկ ու­սե­րուն վրայ, իր զա­ւակ­նե­րուն եւ թոռ­նե­րուն խնամ­քին տակ վա­յե­լեց ըն­տա­նե­կան տա­քու­թիւնն ու գուր­գու­րան­քը, հաս­նե­լով մին­չեւ խոր ծե­րու­թիւն, երբ այ­լեւս ֆի­զի­քա­կան ու­ժը սպա­ռե­ցաւ, սա­կաւ առ սա­կաւ զրկո­ւե­լով նաեւ իր շուր­ջին­նե­րուն հետ ան­մի­ջա­կան յա­րա­բե­րու­թեան կա­պէն։
Իր աչ­քե­րը փա­կեց հան­դարտ ու հան­գիստ, տե­սած ըլ­լա­լով իր թոռ­նե­րուն յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ազ­գա­յին, կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան կեան­քին։ ­Գո­հու­նակ սիր­տով տե­սաւ ա­մուս­նոյն ու իր գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քի յա­րա­տե­ւու­մը թոռ­նիկ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք նոյն նո­ւի­րու­մով ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տած են գա­ղու­թա­յին կեան­քէն ներս։
­Վար­դու­հի ­Մա­նու­կեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւնն ու թա­ղու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 27 ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ ­Հոն էին գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րը, հա­րա­զատ­նե­րը եւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ, յար­գե­լու հա­մար հան­գու­ցեա­լի կեան­քի ճա­նա­պար­հը։ ­Հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան խօ­սե­ցաւ ­Վար­դու­հիի մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րուն մա­սին, իսկ ընկ. ­Շա­քէ Էլ­մա­սեան դամ­բա­նա­խօ­սեց յա­նուն գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն։
­Հուսկ, իր մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ ­Վի­րո­նա­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։
Այս քա­նի մը տո­ղե­րը թարմ ծա­ղի­կի նման թող զար­դա­րեն հան­գու­ցեա­լին յի­շա­տա­կը։

Ք.Է.

* * *
Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ընկ. ­Շա­քէ Էլ­մա­սեա­նի դամ­բա­նա­կան խօս­քը։

­Վար­դու­հի ­Մա­նու­կեա­նի յի­շա­տա­կին

­Մօ­տա­ւո­րա­պէս ա­միս մը ա­ռաջ, ­Գո­քի­նիոյ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ, մեր բա­րե­կա­մու­հի­նե­րէն մէ­կուն հոգ­ւոյն կա­տա­րո­ւած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նէն ետք հան­դի­պե­ցայ ­Յա­րու­թիւն ­Մա­նու­կեա­նին:
­Գի­տէի, որ ­Վար­դու­հին՝ ­Յա­րու­թիւ­նին մայ­րը, տկար էր եւ ան­կող­նոյ կը ծա­ռա­յէր: ­Հե­տաքրք­րո­ւե­ցայ ա­նոր որ­պի­սու­թեամբ: ­Հար­ցու­ցի ե­թէ կրնամ հե­ռա­ձայ­նով խօ­սիլ հե­տը: ­Յա­րու­թիւ­նը դժո­ւա­րա­ցաւ պա­տաս­խա­նե­լու. միայն կրցաւ ը­սել:
— Ի զուր պի­տի փոր­ձէք. մա­ման… լաւ չէ, եւ ա­հա­ւա­սիկ այ­սօր սի­րե­լի­ներ, ներ­կայ ենք հոս՝ ճնշիչ այս լուռ պա­հուն, մեր բո­լո­րին սի­րե­լի ըն­կե­րու­հիին՝ ­Վար­դու­հիին սնա­րին շուր­ջը մէկ­տե­ղո­ւած, վեր­ջին իր «մնաք բա­րո­վին», վեր­ջին «եր­թաս բա­րով» մը ը­սե­լու:
­Վար­դու­հիին հետ մեր կեան­քի ճա­նա­պար­հը եր­կար է. կը ճանչ­նա­յինք զի­րար մեր դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րէն, միա­սին կ­՚ա­շա­կեր­տէինք «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նէն ներս, ուր ան­ցու­ցինք մեր դպրո­ցա­կան ան­փոյթ եւ ա­ղո­ւոր տա­րի­նե­րը. միշտ մօ­տիկ էինք ի­րա­րու եւ շրջա­նա­ւարտ այ­լեւս, ժա­մա­նակ մը հե­ռա­ցանք ի­րար­մէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր նոր կեան­քի ճա­նա­պար­հը ա­ռաւ. բայց տա­րի­ներ ետք, կեան­քի պայ­ման­նե­րը կրկին բե­րին մեզ մօտ ի­րա­րու, երբ միա­սին ե­ղանք կրկին, մեր ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րուն՝ մեր սի­րե­լի յար­կէն ներս, երբ կ­՚ան­դա­մակ­ցէինք Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան, որ­պէս գոր­ծուն ան­դամ­ներ. ա­պա միա­սին ան­ցանք շար­քե­րու փոր­ձա­ռու­թեան:
­Վար­դու­հին, տա­րի­նե­րով ստանձ­նած է Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի եւ ա­պա ­Գո­քի­նիոյ ­Կո­մի­տէի զոյգ քար­տու­ղա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը կա­տա­րէր անձ­նո­ւի­րու­թեամբ, օ­րի­նա­կե­լի եւ բծախն­դիր կար­գա­պա­հու­թեամբ: ­Բա­րե­հա­ճոյ, միշտ ժպտե­րես անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր ­Վար­դու­հին. զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ ողջ­միտ. ու­նէր իր անձ­նա­կան տե­սա­կէտ­նե­րը. իր խօս­քը միշտ մտա­ծո­ւած եւ ուղ­ղա­կի. ա­ռանց տա­տան­սու­մի կամ եր­կընտ­րան­քի. ինչ որ կ­՚ը­նէր՝ լաւ կ­՚ը­նէր, եւ ինչ որ կ­՚ը­սէր, կը յայտ­նէր ա­նոր ճշդու­թեան, ա­ներկ­բայ հա­ւատ­քով:
Ան որ­պէս հա­ւա­տա­ւոր խա­չու­հի կա­նո­նա­ւո­րա­պէս կը մաս­նակ­ցէր ժո­ղով­նե­րուն, հա­կա­ռակ իր զբա­ղո­ւա­ծու­թեան, եւ յօ­ժա­րու­թեամբ օգ­տա­կար կ­՚ըլ­լար ա­նոր յա­րա­կից աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ձեռ­նարկ­նե­րուն:
­Զա­ւա­րեա­նա­կան այդ սի­րա­լիր ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տին մէջ, միեւ­նոյն գա­ղա­փա­րով թրծո­ւած, միեւ­նոյն ե­րազ­նե­րով եւ ի­տէալ­նե­րով առլ­ցուն, եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ, ­Վար­դու­հին եւ Ե­րո­ւան­դը (­Մա­նու­կեան) մօ­տե­ցան ի­րա­րու եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քով ու սի­րով, ի­րենց կեան­քե­րը զօ­դե­ցին ի­րա­րու եւ կազ­մե­ցին ի­րենց ըն­տա­նե­կան յար­կը, եւ կը կար­ծեմ, որ ի­րենց այդ յար­կը տա­կաւ առ տա­կաւ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ փոքր «­Զա­ւա­րեան»-ի մը:
­Կը բախ­տա­ւո­րո­ւին եր­կու զա­ւակ­նե­րով՝ ­Յա­րու­թիւ­նով եւ Ար­մէ­նով:
Այս պա­հուն մտքիս մէջ կը դառ­նայ պզտիկ դրո­ւագ մը զորս կ­՚ու­զեմ յի­շա­տա­կել:
Ար­մէ­նին կնուն­քի օրն էր. ­Ներ­կա­նե­րէն մէ­կը հարց տո­ւաւ ընկ. Ե­րո­ւան­դին, թէ ին­չո՞ւ փոքր տղուն ա­նու­նը «Ար­մէն» դրեր են. «Որ­պէս­զի միշտ յի­շէ թէ ինք «Ար­մէն» է. ­Հայ է, այս էր կտրուկ պա­տաս­խա­նը…
­Վար­դու­հին որ­պէս սի­րող եւ համ­բե­րա­տար կո­ղա­կից տե­ւա­պէս եւ բո­լո­րա­նո­ւէր ա­ջակ­ցու­թեամբ, որ­պէս նե­ցուկ մնաց իր ա­մուս­նոյն կող­քին: Ա­նոնք միաս­նա­բար, ի­րենց իսկ կեան­քի օ­րի­նա­կով դաս­տիա­րա­կե­ցին եւ ջա­նա­ցին ե­րաշ­խա­ւո­րել մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նիք­նե­րով զի­նո­ւած զա­ւակ­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին եւս ինչ որ ա­ռին ի­րենց ծնող­քէն, ա­ռա­տօ­րէն փո­խան­ցե­ցին ու­րիշ­նե­րու եւ ազ­գին: ­Յա­րու­թիւն եւ Ար­մէն ի­րենց սա­տա­րը մա­տու­ցին եւ կը շա­րու­նա­կեն մա­տու­ցել գա­ղու­թա­յին կեան­քի հանգ­րո­ւա­նա­յին կա­ռոյց­նե­րուն…
­Վար­դու­հիին հո­վա­նիին ներ­քեւ հա­սակ ա­ռին նաեւ իր ե­րեք թոռ­նե­րը Ե­րո­ւան­դը, ­Սե­րո­բը եւ Ա­նին: ­Վար­դու­հին բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ վա­յե­լե­լու զա­նոնք. Ա­նոնք դար­ձան իր ու­րա­խու­թեան աղ­բիւ­րը եւ ան տո­ւաւ ա­նոնց ան­հուն իր սէրն ու գուր­գու­րան­քը:
­Լաւ ապ­րե­ցար, սի­րե­լի ­Վար­դու­հի. Ապ­րե­ցար այն­պէս ինչ­պէս որ դուն կ­՚ու­զէիր, ինչ­պէս որ քե­զի կը վա­յե­լէր, ըմ­պե­ցիր կեան­քի դառ­նու­թիւն­ներն եւ ու­րա­խու­թիւն­նե­րը. սէր բաշ­խե­ցիր, սէր ստա­ցար, յար­գե­ցիր ու յար­գո­ւե­ցար: ­Վարձքդ կա­տար ­Վար­դու­հի։
­Բա­նաս­տեղ­ծին խօս­քե­րով՝
«­Մինչ կը մնայ հո­ղին տակ,
Ե­ղէգ­նե­րէն դիւ­րա­թեք, կաղ­նի­նե­րէն հաս­տա­բուն,
Ա­րեւն ըմ­պած ըլ­լա­լու մխի­թա­րան­քը ան­հուն»:

ՇԱՔԷ ԷԼՄԱՍԵԱՆ