Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու կը հաղորդենք, թէ Կիրակի 12 Մայիս 2024-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ, Նէոս Գոզմոսի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի տնօրինման համաձայն, եկեղեցին առաւօտեան ժամը 9։45-էն մինչեւ 11։00 բաց պիտի ըլլայ մոմավառութեան համար։
Կրօնական Ժողով