Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօն եւ դպրաց ու կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն Գոմոթինիի մէջ
Ի գիտութիւն մեր սիրելի ժողովրդեան կը հաղորդենք, թէ Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Գոմոթինիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն, ձեռամբ՝
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆԻ
Ձեռնադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ հանդէս Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ։
***
Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի նշուի Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին տօնը։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի
քարոզէ Յունաստանի թեմի բարեջան
Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ։
Երգեցողութիւնը պիտի կատարուի քառաձայն, եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի Մատաղօրհնէք։
Այս ուրախ առիթով, կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հաղորդ դառնալու սրբազան արարողութեանց եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան հօր պատգամը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳՈՄՈԹԻՆԻԻ









