Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ի առաւօտեան Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ Նոր Տարուան գաթայի կտրումը։
Այսու կը հրաւիրենք յարգոյ մեր ծխականները, ներկայ գտնուելու ու մասնակից դառնալու աւանդական ձեռնարկին եւ ուրախ մթնոլորտին։
Թաղային Խորհուրդ եւ Տիկնանց Մարմին