6 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի բո­լոր մա­սե­րուն մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշո­ւե­ցաւ Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը։ Ս. Էջ­միած­նի, Ան­թի­լիա­սի եւ ­Պոլ­սոյ նո­ւի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րու մայ­րա­վան­քե­րուն մէջ պա­տա­րա­գե­ցին եւ ա­ւան­դա­կան Ջ­րօրհ­նէ­քը կա­տա­րե­ցին զոյգ վե­հա­փառ­նե­րը եւ պատ­րիար­քը։ ­Հա­յու­թիւ­նը խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թեամբ մաս­նա­կից դար­ձաւ օ­րո­ւան վե­հու­թեան եւ վե­րա­նո­րո­գեց Ս. Ծնն­դեան մեծ տօ­նին խոր­հուր­դը։
­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը եւս նշեց Ս. Ծնն­դեան եւ Մկր­տու­թեան տօ­նը Ա­թէն­քի եւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայնք­նե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րա­գեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Սա­հակ ծ. վրդ. Ե­մի­շեան։ Ն­շենք, որ 5 ­Յու­նո­ւարի գի­շե­րը, յու­նա­հայ միու­թիւն­նե­րու եր­գե­ցիկ խում­բե­րը ան­գամ մը եւս պա­հե­ցին Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թեան գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ այ­ցե­լե­ցին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու բնա­կարան­նե­րը, եր­գե­լու հա­մար Ս. Ծնն­դեան ա­ւե­տա­բեր շա­րա­կան­նե­րը։
1 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տուն, թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի յու­նաց մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւած գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քին, ա­պա յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­նու­նով ա­մա­նո­րի բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ տիկ. ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լո­ւին։ ­Նաեւ, ան պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած նոր տա­րո­ւան գա­թա­յի ա­րա­րո­ղու­թեան։