­Կի­րա­կի, 5 ­Յու­նո­ւար 2025-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժամը 10:30-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ  գի­շե­րա­յին եւ ա­ռա­ւօ­տեան ­Ժա­մեր­գու­թիւն­ներ, իսկ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ճ­րա­գա­լոյ­ցի Ս. ­Պա­տա­րագ։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ­ նա­խա­տօ­նա­կի ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ուր­ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ե­կե­ղեց­ւոյս ­ծա­ռա­յող­նե­րուն ու հոգշ. ­Հայր ­Սուր­բի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ եր­գո­ւե­ցան «­Խոր­հուրդ մեծ…» եւ «Այ­սօր ­տօն է…» շա­րա­կան­նե­րը։
­Սոյն հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ­գա­թա­յի հա­տու­մը, որ­մէ ետք սկիզբ ա­ռաւ  Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­միու­թեան Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թիւ­նը։
Եր­կու­շաբ­թի, 6 ­Յու­նո­ւար 2025-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան ­տօ­նին ա­ռի­թով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց, յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց եւ ջրօրհ­նէ­քը կա­տա­րեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ հոգշ. Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, ներ­կա­յու­թեամբ ­Թա­ղա­կան ­խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նաց ­միու­թեան եւ շրջա­նին մէջ­ գոր­ծող բո­լոր ազգ. ­կա­ռոյց­նե­րու, ­հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ­միու­թիւն­նե­րու ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։ Ս. ­Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին եւ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ­կա­տա­րե­ցին Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր սպա­սա­ւոր­ներն ու ծա­ռա­յող­նե­րը։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ջա­կող­մը գտնուող Ս. Մկր­տա­րա­նէն՝ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ «Ու­րախ լեռ..» գե­ղե­ցիկ շա­րա­կա­նով, ­Միւ­ռո­նա­թափ Սր­բա­լոյս ­Միւ­ռո­նը բե­րո­ւե­ցաւ ու բարձ­րա­ցո­ւե­ցաւ Ս. ­Խո­րան եւ շա­րա­կան­նե­րու, ա­ղօթք­նե­րու, քա­րոզ­նե­րու, մաղ­թանք­նե­րու, Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ, Ս. ­Միւ­ռո­նի հե­ղու­մով, ինչ­պէս նաեւ խաչ հա­նե­լու ա­ւան­դա­կան դրու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ջ­րօրհ­նէ­քի ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ խորհր­դա­նիշ է Ք­րիս­տո­սի Մկր­տու­թեան։  ­Խա­չի կն­քա­հայրն էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սի ան­դամ ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեա­ն։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն կող­մէ բո­լոր ժո­ղո­վուր­դի ­զա­ւակ­նե­րուն բաժ­նո­ւե­ցաւ օրհ­նուած ջուր։