Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2022-ին, Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ աննախընթաց արարողութիւն մը կատարուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Նախատօնակ կատարուեցաւ «Ընծայումն Սուրբ Աստուածածնի երից ամաց ի Տաճարն» տօնին, որ յաջորդ օրն էր, այսինքն Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբերին: Համաքրիստոնէական հաստատ տօն մը, որուն խոր իմաստը շատ անգամ աննկատ կ’անցնի, բայց որուն խորհրդանշական արժէքը կարելի չէ անտեսել, քանի որ Քրիստոնէութեան հիմնաքարերէն մէկը կը համարուի Ս. Աստուածածնի Տաճար Ընծայումը սկիզբն է Անոր ճանապարհին դէպի Անարատ եւ Անապական կեանք, դէպի կերտումը Իր համեստ, խոնարհ եւ Աստուածավայել կեանքին, որու ընթացքին Ան պատրաստուեցաւ, առանց գիտակցելու թեր, իր մարմնին մէջ ընդունելու Աստուծոյ Որդին, զոր Աշխարհ բերաւ Ս. Հոգիին միջնորդութեամբ։
Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, տարիներու սիրայօժար խոնարհ սպասարկու՝ բարեշնորհ Լեւոն Սրկ. Ունանեան, Աստուածաբանութեան համալսարանի Մագիստրոս կոչումի թեկնածու, բարձրորակ ներկայացում մը կատարեց օրուայ տօնին մասին, յունարէն լեզուով, հոգեւոր եւ Ս. Գրային մէջբերումներով, խորիմաստ ու վերլուծական, որ յուզեց ու մեծ գոհունակութիւն պատճառեց ներկաներուն: Աւարտին, բոլոր ներկաները զինք շնորհաւորեցին իսկական խանդավառութեամբ եւ անկեղծութեամբ:
Հոգեւոր սնունդը ստանալէ վերջ, բոլորս ուղղուեցանք եկեղեցւոյ վերանորոգուած ներքնասրահը, ուր Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիները մեզ հիւրասիրեցին իրենց ձեռքերով պատրաստած շատ համեղ աղի եւ գաղցր խմորեղէններով՝ առաւօտեայ սուրճի ընկերակցութեամբ: Համաճարակի եռամեայ սահմանափակումներէ ետք, կարծէք շատ մեծ կարիքը ունէինք այդ ուրախութեան:
Այս ամբողջ նախաձեռնութիւնը -Նախատօնակ եւ ներկայացում- ունէր օրհնութիւնը Թեմիս բարեջան Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանի:
Պատարագեց եւ նախատօնակը կատարեց, շրջանիս եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ս. Խորանին սպասարկեցին բարշ. Լեւոն սրկ. Ունանեան եւ պատանի դպիր Գրիգոր Ունանեան:
Ս. Պատարագի քառաձայն եւ հիասքանչ երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս երկսեռ դպրաց դասը, դպրապետութեամբ բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի, իսկ խմբավարութիւնն ու օրուան յատուկ շարականներու երգեցողութիւնը երգեհոնի ընկերակցութեամբ կատարեց երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեան:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թեմիս Ազգ. վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, եկեղեցւոյս Թաղային Խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը, ինչպէս նաեւ մօտաւորապէս քառասուն հայրենակիցներ։
Շատ  գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մըն էր, թէ իր հոգեւոր պարունակութեամբ ու լիութեամբ եւ թէ իր ընկերային մթնոլորտով:
Երախտապարտ ենք, որ կարողացանք մասնակցիլ այսպիսի արարողութեան մը: Հաւատացէք, թէ բացակաները շատ բան կորսնցուցին…

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ