­Կի­րա­կի, 22 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ­Սուրբ եւ Ան­մահ­ Պա­տա­րա­գին նշո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին ­սար­կա­ւագ Ս. Ս­տե­փա­նոս նա­խավ­կա­յին նո­ւի­րո­ւած տօ­նը, որ նաեւ ա­ռա­ջին մար­տի­րոսն էր նա­հա­տա­կո­ւած՝ Ք­րիս­տո­նէու­թեան հա­մար: Դպ­րաց դա­սը՝ ինչ­պէս միշտ, գե­ղե­ցիկ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ կա­տա­րեց շա­րա­կան­նե­րը, եր­կիւ­ղա­ծու­թեան եւ հա­ւատ­քի խոր մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լով ներ­կայ ե­ղող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մէջ: ­
Պա­տա­րա­գի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ ­Հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան փոխա­տե­նա­պետ տքթր. Ս­տե­փան ­Փա­փա­զեան:
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, տօ­նա­կան յա­տուկ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, երբ ­քա­հա­նայ հայ­րը դաս հրա­ւի­րեց սար­կա­ւագ­նե­րը, ո­րոնք ա­մէն ­Կի­րա­կի մեծ նո­ւի­րու­մով կը կա­տա­րեն ի­րենց վստա­հո­ւած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Այս­պէս մե­ծա­րո­ւե­ցան եր­կա­րա­մեայ ծա­ռա­յու­թիւն ու­նե­ցող դպրա­պետ բրշ.­Պետ­րոս սրկ. ­Պար­սա­մեա­ն, եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ խմբա­վա­րու­թիւ­նը կա­տա­րող ե­րա­ժիշտ բրշ. ­Կա­րօ ­կիսրկ. ­Պար­տաք­ճեա­ն եւ ­Խո­րա­նին սպա­սար­կող բրշ. ­Լե­ւոն սրկ. Ու­նա­նեա­ն: Տ­պա­ւո­րիչ էր տես­նել սար­կա­ւագ­նե­րը սա­ղա­ւարտ­նե­րով, երբ տօ­նին յա­տուկ եր­գե­ցո­ղու­թիւն կը կա­տա­րո­ւէր:
Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, քա­հա­նայ հայ­րը հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ ներքնաս­րա­հը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ զար­դա­րո­ւած տօ­նա­ծա­ռին լու­սա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ անոնք ա­ռի­թը ու­նե­ցան շնոր­հա­ւո­րե­լու սար­կա­ւագ­նե­րը: ­Տիկ­նանց ան­դամ­նե­րը, ի­րենց սո­վո­րու­թեան հա­ւա­տա­րիմ՝ դար­ձեալ պատ­րաս­տած էին փոքր հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ուր ներ­կա­նե­րը ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ ճա­շա­կե­ցին տի­կին­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած խմո­րե­ղէն­նե­րը:
Տօ­նա­ծա­ռը լու­սա­ւո­րե­լու հա­մար ­Տէր ­Նա­րե­կը հրա­ւի­րեց ­Տիկ­նանց մարմ­նին մէջ եր­կա­րա­տեւ ծա­ռա­յու­թիւն ու­նե­ցող տիկ. ­Մա­րի ­Հա­ճեա­նը, որ­պէս­զի կա­տա­րէ լու­սա­ւո­րու­մը: Ա­պա, քա­հա­նան ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ փոքր նո­ւէր­ներ յանձ­նեց սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ դպիր­նե­րուն, ո­րոնք տրա­մադ­րո­ւած էին բա­րե­րա­րի մը կող­մէ: ­Յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի են նաեւ փոքր դպիր­ներ Գ­րի­գոր Ու­նա­նեա­ն եւ ­Փի­լիպ­պոս Պ­րուն­ծոս-Ե­րա­նո­սեա­ն, ո­րոնք նո­ւի­րու­մով կը ծա­ռա­յեն ա­մէն պա­տա­րա­գին: ­Նո­ւէր­ներ տրո­ւե­ցան նաեւ այդ օր ա­կա­մայ բա­ցա­կա­յող սար­կա­ւագ Ա­ւե­տիս ­Պար­սա­մեա­նին ու կիսրկ. ­Ժա­նօ ­Պար­տաք­ճեա­նին:
Վարձ­քը կա­տար ե­կե­ղեց­ւոյ բոլոր ծա­ռա­յող­նե­րուն:

Ներ­կայ ­մը