Անցեալ շաբաթ, ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան նախագահ Սոքրաթիս Ֆամելոս, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի շրջանի երեսփոխաններ Քաթերինա Նոթոփուլուի եւ Խրիսթոս Եանուլիսի, այցելեց Թեսաղոնիկէի հայկական համայնքի կեդրոնը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի, տեղական «Յ. Գասապեան» կոմիտէի եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան հայութեան եւ հայկական գաղութին հետ աղերս ունեցող հարցեր, որոնց մասին եղաւ մանրամասն ներկայացում եւ զրոյց։
Առաջին հերթին, հայկական կողմը ներկայացուց Արցախի հիմնախնդիրի պատմական զարգացումը, շեշտ դնելով Ատրպէյճանի յարձակողականութեան վրայ, որ յանգեցաւ Արցախի շրջափակման ու հայաթափման։ Մեր ընկերները նշեցին, թէ բացի հայ ժողովուրդի կրած ցեղասպանութենէն ու իր սեփական հողերու կորուստէն, Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կ՚անհետացնէ հայկական մշակութային բազմադարեան հետքերը եւ կը խեղաթիւրէ պատմական ճշմարտութիւնը։ Այս իրականութեան տակ, մեր ընկերները խստօրէն դատապարտեցին յունական կուսակցութեան երեսփոխանի այցելութիւնը Արցախի բռնագրաւեալ հողերուն վրայ, մաս կազմելով ատրպէյճանական քարոզչական արշաւին, պահանջելով որ նման պարագաներու, յոյն ներկայացուցիչները պէտք է աւելի զգոյշ եւ աչալուրջ ըլլան Ատրպէյճանի ծաւալած քարոզչութեան հանդէպ, որ նպատակ ունի խեղաթիւրել հայկական պատմական եւ իրաւական խնդիրները։
Անդրադարձ եղաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ համագործակցութեան մասին, նշելով քաղաքական եւ իրաւական գործընթացը, որ ներկայիս կ՚իրականացուի երկու կողմերուն կողմէ։
Խօսակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի գործունէութիւնը անոր հասարակական, կրթական եւ մշակութային երեսներով։ Յատուկ նշում եղաւ Հ.Գ.Խաչի Ծաղկոցին մասին, ընդգծելով նաեւ կարգ մը խնդիրներուն մէջ յունական կողմը զօրավիգ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։
Այցելութենէն ետք, ՍԻՐԻԶԱ-ի նախագահի մամլոյ գրասենեակը յայտատարութիւն տարածեց, որուն մէջ ան կը նշէ երկու ժողովուրդներու բազմադարեայ պատմութիւնը, յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանութենէն մինչեւ տարագրութիւն։
Ան նշեց, թէ իր քաղաքական միաւորումը կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութինը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը Արցախի վրայ, ապօրինի ներխուժումը եւ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումը իր օճախէն։ Ան յայտնեց իր հակառակութիւնը ռազմական գործողութիւններուն հանդէպ եւ դատապարտեց միջազգային ընտանիքի մեղսակից լռութիւնը։ Յայտարութեան մէջ կը նշուի, թէ կուսակցութիւնը միշտ կանգնած է հայ ժողովուրդի եւ անոր արդար իրաւունքներու կողքին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան նախագահը այցելեց Թեսաղոնիկէի հայկական կեդրոնը