Հոկտեմբեր 27ի օրը, ամէն տարի, հայաշխարհի չորս ծագերուն, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան տեսլականով տոչորուող գաղափարի ընկերներ, իրենց սրտի ու մտքի խորանին առջեւ, երկիւղածութեամբ կ’ոգեկոչեն անմեռ յիշատակը՝ խօսքն ու գործը, անբասիր վարքն ու անմնացորդ անձնուիրումը մեր ժողովուրդի Աշխարհիկ Սուրբին՝ Սիմոն Զաւարեանի։
27 Հոկտեմբեր 1913ին, Պոլիս հրատարակուող Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրատունէն ոտքով տուն երթալու ամէնօրեայ իր ճամբու ընթացքին, 47 տարեկանին սրտէն կաթուածահար ինկաւ Սիմոն Զաւարեան։
Այդպէ՛ս յանկարծամահ՝ իր վերջին շունչը փչեց հայ ժողովուրդի յեղափոխական վերածնունդին, այլեւ ՀԱՅու գաղափարական ինքնամաքրման պատգամաբերն ու առաքեալը, որ բարոյական իր խստապահանջութեամբ եւ վեհութեամբ արժանաւորապէս մարմաւորեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման դրօշակիրին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ԽԻՂՃը։
ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ գաղափարական ու բարոյական արժէքներուն սերմնացանը, այլեւ արթուն եւ խստապահանջ պահապանն ու մշտանորոգ մղիչ ուժը կը հանդիսանայ Սիմոն Զաւարեան, որուն անժամանակ կորուստը ողբաց բովանդակ հայ ժողովուրդը՝ իր բոլոր խաւերով եւ, մանաւանդ, քաղաքական բոլոր հոսանքներով։
Զաւարեան արժանացաւ համազգային աննախընթաց յուղարկաւորութեան. անկենդան մարմինը թափօրով Պոլիսէն տարուեցաւ մինչեւ Թիֆլիս, որպէսզի իր վերջնական հանգիստը գտնէր Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ։
Հայ մտաւորականութիւնն ու երիտասարդութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, բոլոր ծագերէն փութաց արժանին մատուցելու հայութեան յեղափոխական վերածնունդին Մեծ Ուսուցիչին, Աշխարհիկ Սուրբին, Ընկերային Նազովրեցիին եւ Գաղափարի Մարտիկին։
Զաւարեան արդարօրէն հռչակուեցաւ Դաշնակցութեան Խիղճը՝ գաղափարի իր ընտանիքին կողմէ, իր կենդանութեան իսկ։ Չէր կրնար տարբեր արժեւորում ստանալ Զաւարեանով միս ու ոսկոր կապած Խստաբարոյ Դաշնակցականը, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ գաղափարի իր ընկերներէն պահանջեց — անձնական անսակարկ ու գերագոյն զոհաբերութեան իր սեփական վարակիչ օրինակը ամէնուր վառ պահելով — հայ յեղափոխականի իրենց արժանաւորութիւնը եւ բաւարարութիւնը փնտռել գաղափարական պարտաւորութեանց խղճամիտ կատարման մէջ, այլ ոչ թէ կուսակցականի իրենց իրաւունքներուն հետապնդման մէջ։
Հայ բանաստեղծը Զաւարեանի մէջ մեծարեց ու անմահացուց Հայոց Ազատամարտի «Ընկերային Նազովրեցին», որովհետեւ Աստուածորդի Նազովրեցիին մաքրամաքրութեամբ՝ Սիմոն Զաւարեան մինչեւ վերջին շունչ անվհատ պայքար մղեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական կռուի սրբազան դաշտն ու գաղափարական տաճարը արատաւորող յոռի բարքերուն՝ գձուձ եսասիրութեանց, մանրումեծ շահախնդրութեանց եւ ամէն կարգի մեղանչանքներուն դէմ։
Իսկ հայ մտաւորականն ու ազգային գործիչը հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին, երբ Զաւարեանին մէջ տեսաւ ու արժեւորեց հայ յեղափոխական շարժման յառաջապահ «Աշխարհիկ Սուրբ»ը, որ հաւատք սերմանեց եւ իր անձնուիրութեամբ ու գաղափարական կուսակրօնութեամբ հաւատաւորներու սերունդ ստեղծեց հայ երիտասարդութենէն.
— Հաւատք՝ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական յառաջադէմ կոչումին հանդէպ։
— Հաւատք՝ ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ ազգային ու ժողովրդավարական պետականութիւն կերտելու հայ ժողովուրդի արժանաւորութեան հանդէպ։
— Հաւատք՝ մանաւա՛նդ մարդկային տկարութիւններն ու սայթաքումները յաղթահարելու եւ Հաւաքական Կամք ու Կազմակերպ Ուժ կոփելու հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ներոյժին հանդէպ։
Իբրեւ Հաւատքի Սերմնացան՝ Սիմոն Զաւարեան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ բառին խորագոյն իմաստով խստաբարոյ առաքեալի կեանք ապրեցաւ՝ կենդանի գործով թոյլ չտալով, որ մեռեալ խօսքի ճակատագրին դատապարտուին գերագոյն զոհաբերութեամբ իր պաշտպանած եւ տարածած յեղափոխականներու անկեղծ դաշնադրութեան եւ միասնութեան անմեռ գաղափարները՝ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ մեծ ուսմունքը։
«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» պատգամով ալ Զաւարեան հեռացաւ աշխարհիկ այս կեանքէն։ Իր մահուան օրը «Ազատամարտ»ի խմբագրութեան յանձնած էր նոյն այդ խորագրով իր վերջին յօդուածը, որ այդպէ՛ս դարձաւ գաղափարական կտակը հայոց յեղափոխական վերածնունդի ճակատաբաց դրօշակիրին։
Սիմոն Զաւարեան Հայաստան Աշխարհի լեռնային եւ անտառուտ Լոռիի զաւակն էր։ Ծնած էր 1866ին, Այգեհատ գիւղը: Ինչպէս որ Ս. Վրացեան կը վկայէ Հ.Յ.Դ. Վաթսունամեակին առիթով իր խմբագրած «Յուշապատում»ին մէջ, Այգեհատի բնակիչները ընդհանրապէս ազնուական տոհմերէ սերած էին: Ազնուական ծագում ունէր եւ Զաւարեան ընտանիքը: Որոշապէս Սիմոն Զաւարեանի նկարագրին եւ անհատականութեան վրայ զգալի էր տիրական դրոշմը ազնուականութեան, որ կը դրսեւորուէր սեփական արժանաւորութեան շեշտակի գիտակցումով եւ, անկէ թելադրուած, նախ սեփական անձին նկատմամբ խստապահանջ գտնուելու եւ ապա այլոց խստակեացութեան ու բարոյապաշտութեան մղելու նախանձախնդրութեամբ։
Տարրական կրթութիւնը ստացաւ գիւղին մէջ եւ հազիւ 7-8 տարեկան էր, երբ ղրկուեցաւ Թիֆլիս, ուր նախապատրաստական ուսումէ ետք մտաւ պետական Ռէալական դպրոցը եւ յաջողութեամբ աւարտեց զայն։
Այնուհետեւ մեկնեցաւ Մոսկուա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Ընդունուեցաւ հռչակաւոր «Պետրովկա» Գիւղատնտեսական Ճեմարանը եւ աւարտեց 1889ին՝ առաջին կարգի մրցանակով: Զաւարեանին առաջարկեցին մնալ Ճեմարան եւ դասաւանդել, բայց Մոսկուայի մէջ միաժամանակ յեղափոխական խմորումներու բովէն անցած եւ հայ յեղափոխական նորածիլ շարժմումին գաղափարականօրէն զինուորագրուած Զաւարեանը նախընտրեց վերադառնալ Թիֆլիս ու նուիրուիլ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ընդլայնման եւ կազմակերպման սուրբ գործին։
Մոսկուայի ուսանողական տարիները Զաւարեանի մէջ պարզապէս ամրապնդեցին եւ գաղափարականօրէն հունաւորեցին հայ ազգային-ազատագրական պաքարին նուիրուելու վճռականութիւնը։ Թիֆլիսի աշակերտական իր օրերէն իսկ, Զաւարեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր ինքնազարգացման խմբակներու կազմութեան ու հայրենասիրական գիրքերու եւ մամուլի ընթեցանութեամբ գաղափարական դաշնութիւն եւ միութիւն առաջացնելու փորձերուն մէջ։
Մոսկուան լայն հորիզոն բացաւ երիտասարդական տարիքը նոր թեւակոխած Զաւարեանի առջեւ, որ իրեն հոգեհարազատ գտաւ համառուսական «Նարոդնայա Վոլիա» («Ժողովրդային Կամք») յեղափոխական շարժումը, որուն համակրողներ էին նաեւ, նոյնպէս ուսման համար Մոսկուա գտնուող, Քրիստափորն ու Հայր Աբրահամը, Ռոստոմն ու Մարտին Շաթրեանը, Աւետիս Ահարոնեանն ու յեղափոխաշունչ այլ հայ ուսանողներ, որոնք եւ շուտով պիտի դառնային հիմնադիր կորիզը Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան ստեղծումին։
Հետեւաբար, Թիֆլիսի մէջ, իբրեւ գիւղատնտես պետական աշխատանքի կոչուելով հանդերձ՝ Զաւարեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ յեղափոխական խմբակները ի մի բերող ապակեդրոն կազմակերպութեան մը ստեղծումին՝ յատկապէս Քրիստափորն ու Ռոստոմը ունենալով իբրեւ անմիջական գործակից։ Անոնց միացեալ ջանքով՝ 1890ի ամառը, գումարուեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովը, ուր Զաւարեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին պատասխանատու մարմնին` Կենտրոնական Վարչութեան անդամ:
Հիմնադիր Ժողովէն յետոյ, Հ.Յ.Դ. Կենտրոնական Վարչութեան որոշումով՝ յեղափոխական գործիչները ցրուեցան զանազան շրջաններ, նորաստեղծ կազմակերպութեան դրօշին տակ համախմբելու համար արդէն գործող կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Զաւարեան, Յովսէփ Արղութեանի հետ, անցաւ Տրապիզոն՝ ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով: Սակայն չկրցաւ երկար մնալ Տրապիզոնի մէջ, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Զաւարեանն ու Արղութեանը՝ իբրեւ յեղափոխականներու։ Զաւարեան դատուեցաւ եւ դատավարութեան ընթացքին, յանդուգն պաշտպանողականով մը, խարազանեց Սուլթանի նեխած վարչաձեւը։ Հետեւանքը եղաւ չորս տարուան բերդարգելութեան դատավճիռ: Շուտով, սակայն, ռուսական դեսպանի միջամտութեամբ, Զաւարեան ու Արղութեան — իբրեւ ռուսահպատակներու — յանձնուեցան ցարական իշխանութեանց, որոնք զոյգ հայ յեղափոխականներըն աքսորեցին Բեսարաբիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափոր:
Աքսորէն վերադառնալէ ետք, 1892ին, Զաւարյան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր Ժողովին, որմէ ետք՝ Քրիստափորի ու Ռոստոմի հետ մշակեց կուսակցութեան Ծրագիր-Կանոնագիրը:
Այնուհետեւ, մինչեւ 1902, Զաւարեան մնաց Թիֆլիս, իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրոյի անդամ ու կուսակցութեան ղեկավար գործիչներէն մէկը: 1902ի գարնան, երբ Քրիստափորը «Փոթորիկ»ի գործով Ժընեւէն անցաւ Ռուսաստան, զայն փոխարինելու համար Ժընեւ մեկնեցաւ Զաւարեան՝ իբրեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան անդամ, Է. Ակնունիի եւ Մ. Վարանդեանի հետ միասին։
1904ին գումարուած Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին (Սոֆիայի մէջ) որոշուեցաւ, որ Զաւարեան իբրեւ գործիչ անցնի Կիլիկիա՝ Խանասորի Վարդանին հետ, տեղւոյն վրայ յեղափոխական շարժման կազմակերպումը ժողովրդային ուժեղ հիմերու վրայ դնելու յանձնարարութեամբ։
1906ին Զաւարեան վերստին Թիֆլիս էր, ուր նախագահ ընտրուեցաւ Էջմիածնի մէջ գումարուած Ազգային Կենտրոնական Ժողովին, որ հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու վերստացումէն եւ հայ-թաթարական ընդհարումներէն ետք՝ արեւելահայութեան առջեւ ծառացած ազգային-քաղաքական հիմնախնդիրներուն լուծում տալու կոչուած կարեւոր ժողովը եղաւ։
1908ին, երբ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին զուգահեռ Կովկասի մէջ ծայր առին ցարական հալածանքները Դաշնակցութեան դէմ, Զաւարեան անցաւ Պոլիս, ուր գործեց իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցչական դէմքը։
1911ի ամառը Զաւարեան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Վեցերորդ Ընդհ.Ժողովին, Պոլիս: Իթթիհատի հետ գործակցութեան փորձերուն վերջակէտ դնող այդ Ընդհանուր Ժողովէն յետոյ, Զաւարեան շարունակեց մնալ Պոլիս։
Ապրեցաւ «Եսայեան» վարժարանի ուսուչական պաշտօնէն ստացած համեստ աշխատավարձով՝ դպրոցէն դուրս իր ամբողջ ժամանակն ու եռանդը նուիրելով կուսակցութեան եւ հասարակական գործունէութեան:
Այդ շրջանին էր, որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի որոշումով՝ Զաւարեան՝ իբրեւ հայկական վարժարաններու ընդհանուր քննիչի, ղրկուեցաւ գաւառները, ուր ոչ միայն մօտէն ծանօթացաւ տիրող կացութեան եւ իր նպաստը բերաւ նորահաս սերունդներու բազմակողմանի զարգացման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծումին, այլեւ՝ նորովի թափ տուաւ Երկրի հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպումին եւ դիմադրական կորովի ուժեղացումին։
Միաժամանակ՝ Զաւարեան մնայուն ներկայութիւն եղաւ «Ազատամարտ»ի էջերուն, իր ստորագրած յօդուածներով հունաւորելով ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ հայ քաղաքական մտքի ընդհանուր ուղղութիւնը՝ ներքին-ազգային թէ արտաքին-միջազգային խնդիրներու նկատմամբ։
Յատկապէս այդ շրջանի իր գործունէութեամբ եւ պաշտպանած գաղափարներով, հայ ազգային իրականութեան խոցելի ծալքերն ու յոռի բարքերը մերկացնող եւ խարազանող իր հետեւողական ուղեգծով եւ վարքով, Զաւարեան դարձաւ հոգեհարազատ պատգամաբերը Հայաստանի ու հայութեան յեղափոխական վերածնունդին։ Ամբողջ հայ ժողովուրդը խորապէս ցնցուեցաւ, երբ 27 Հոկտեմբեր 1913ին ճակատագիրը այդպէս՝ յանկա՛րծ կտրեց կեանքի թելը Գաղափարի մեծ ուսուցիչին, Դաշնակցութեան Խիղճը մարմնաւորած Հայոց Ազատամարտի «Աշխարհիկ Սուրբ»ին, հայ ազգային ինքնութիւնը նոր ժամանակներու ոգիով իր կապանքներէն ազատագրելու ելած «Ընկերային Նազովրեցի»ին։
Այսօր կը լրանայ 105ամեակը հայ ժողովուրդի անմահ Մեծերու փաղանգին մէջ իր ուրոյն եւ բարձրադիր պատուանդանը նուաճած Սիմոն Զաւարեանի, որուն Անձն ու Գործը, կեանքն ու վարքագիծը մեր օրերուն եւս գաղափարական փարոսի պէս կը լուսաւորեն Հայաստանի ու հայութեան ինքնահաստատման եւ ինքնամաքրման՝ ամբողջական ազատագրութեան ու բազմակողմանի զարգացման դժուարին երթը։ Հայ ժողովուրդի անխտիր բոլոր կոչեցեալներն ու ընտրեալները յեղափոխական մեծ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ ի մի բերելու, կուսակիցներու վերածելու եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔի ուժով ազգակերտումի եւ հայրենակերտումի սրբազան պայքարը մշտանորոգ թափով յառաջ մղելու առաքելութեան պատգամաբերն է Սիմոն Զաւարեան։
Սիմոն Զաւարեան (1866-1913)
Սիմոն Զաւարեան (1866-1913). Հայու յեղափոխական ինքնամաքրման խստաբարոյ դաշնակցականը Ն.