Անգամ մը եւս, կսկիծով կ՚անդրադառնանք յունահայ գաղութի սիրուած եւ յարգուած ազգայինի մը կորուստին մասին։ Ընկ. Սերգօ Ճանիկեան իր աչքերը փակեց 82 տարեկան հասակին, վերջին շրջանին դիմագրաւած ըլլալով առողջական խնդիրներ եւ գտնուած ըլլալով հիւանդանոցի խնամքին տակ։ Իր մահով սուգի մատնուեցան անմիջական ընտանիքը, այլեւ մեծաթիւ բարեկամներ ու գաղափարի ընկերները։
Լեցուն եղաւ կեանքը հանգուցեալ Սերգոյին։ Ծնած էր 1944-ին, յունահայ գաղութի երախտաւոր Ժիրայր Ճանիկեանի ազնուական ընտանիքին մէջ եւ կանուխէն թրծուած էր ազգային շունչով, շնորհիւ իր ծնողքին ու մանաւանդ հօր՝ Ժիրայրի բեղուն գործունէութեան՝ գաղութի ազգային եւ կուսակցական բնագաւառներէն ներս։ Իր հօր երկարամեայ ու անշահախնդիր ծառայութիւնը գաղութի բարձրագոյն մարմիններուն մէջ, օրինակ դարձաւ Սերգոյին համար, որպէսզի ան եւս գիտակցաբար քալէ նոյն ճամբաներէն, որոնցմէ կ՚անցնին ազգային կեանքի մասնակիցները։
Սերգոն կանուխէն իր մարդկային եւ ազգային կերպարը սկսաւ կազմաւորել միութենական կեանքին մէջ։ Առաջին ծլարձակումները եղան սկաուտական եւ երիտասարդական շարքերէն ներս։ Այդ տարիները, Հ.Յ.Դ. Աթէնքի «Գրիգոր Գըյըճեան« երիտասարդական խումբը իր մէջ կ՚ամփոփէր երիտասարդներու մեծ հոյլ մը, որոնք հետագային իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դրին յունահայ իրականութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս։
Սերգոյի հօր վաղաժամ կորուստը պատճառ չեղաւ, որ ան հեռու մնայ համայնական կեանքէն։ Կանուխէն կատարեց կուսակցական երդում, հետեւելով իր հօր օրինակին եւ ամբողջ ուժերով նետուեցաւ կուսակցական գործունէութեան, դառնալով անդամ Հ.Յ.Դ. Աթէնքի «Գ. Լազեան» կոմիտէի։ Այն տարիներն էին երբ Հայ դատի նորանոր շղթայազերծման ալիքը համակած էր երիտասարդ սերունդները, ոգեւորելով եւ նոր թափ տալով պահանջատիրական գործին։ Սերգոն եւս անմասն չմնաց այդ իմաստաւոր «վարակումէն» եւ իր կեանքի լման տեւողութեան նեցուկ կանգնեցաւ Հայ դատի ու գաղութի պահանջներուն։
Իր երիտասարդական տարիներուն տենդով նետուեցաւ գործի ասպարէզ ու իր յաջող ընտրանքներուն շնորհիւ, կարողացաւ ստեղծել ոսկերչական փայլուն ձեռնարկութիւն մը, իր համբաւը տարածելով Աթէնքի լայն շրջանակներու մէջ։ Աշխատանքի բնոյթին պատճառով, բայց մանաւանդ իր շէն ու հեզահամբոյր նկարագիրին համար սիրուեցաւ բոլորէն եւ ստեղծեց ծանօթութիւններու հսկայ շրջանակ մը, իրբեւ փնտռուած մարդ եւ ձեռնարկու։
Սակայն, իր ստացած համբաւին մէջէն, նոյնիսկ երբ դժուար կ՚ըլլար կազմակերպչական աշխատանքներուն անմիջական դերակատարութիւն ունենալ, իր սիրտը եւ նիւթական կարողութիւնները լայն բացաւ գաղութի պահանջներուն դիմաց։ Երբեք չզլացաւ իր աշխատանքի քրտինքը ի սպաս դնել ազգային եւ միութենական աշխատանքներու իրագործման համար, մանաւանդ՝ հաւատարիմ հետեւորդը ըլլալով Հայ դատի քաղաքական եւ պահանջատիրական դրսեւորումներու բարւոք լուծման։
Նոյն հաւատքը սրսկեց նաեւ իր զաւակներուն՝ Թալինին եւ Ժիրայրին, որպէսզի առատաձեռն զգացումներով մասնակից մնան գաղութի գործունէութեան հանդէպ։
Ընկերային մթնոլորտ ստեղծելու բնածին կարողութիւն մը ունէր հանգուցեալը, իր ընկերական եւ բարեկամական շրջանակը հաճոյք կը ստանար անոր շէն բնաւորութեամբ, որ երբեք չհատեց համեստութեան սահմանները։ Մնաց հեզ ու սիրալիր, ժպտադէմ եւ լաւատես, առատօրէն ցոյց տալով իր մարդկային եւ ընտանեկան յատկանիշները, առանց սնապարծութեան կամ յաջողակ ձեռնարկուի մը գոռոզութեան։ Համեստ կեցուածքը մնաց իր յատկանիշը, ստացած համբաւը բնաւ չխաթարեց անոր նկարագրային գիծերը։
Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2026-ին, Աթէնքի Ա. գերեզմանատան մէջ։ Ժողովուրդի ներկայութիւնը աննկարագրելի թիւ մը կը պարզէր։ Հոն փութացած էին իր հայ բարեկամները եւ գաղափարի ընկերները, ինչպէս նաեւ յոյն ծանօթներու եւ գործակիցներու հսկայ թիւ մը, որոնք յարգանքի վերջին տուրքը մատուցեցին իրենց սիրելի բարեկամին։ Բարեկամներուն կողմէ դամբանական արտասանեց ընկ. Լիզա Աւագեան, վեր առնելով հանգուցեալի բազմատեսակ առաքինութիւնները եւ ուրուագծելով անոր նկարագիրի փայլուն երեսը։
Այն քանի մը տողերը թարմ ծաղիկ թող ըլլան սիրելի գաղափարակից ընկերոջ յիշատակին։









