­Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քը լա­րո­ւած շրջան մը կ­՚ապ­րի՝ երկ­րի ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը փո­խե­լու կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րին շուրջ ծա­ւա­լած սուր հա­կադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով։ Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ձգտին մշա­կել նոր մայր օ­րէնք մը եւ, հան­րա­քո­ւէի մի­ջո­ցով, ջնջել 1990 թո­ւա­կա­նի Ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րին յի­շա­տա­կու­թիւ­նը՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, թէ ա­նի­կա պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ի­րենց հռչա­կած «Ի­րա­կան ­Հա­յաս­տան» գա­ղա­փա­րա­կան հա­յե­ցա­կար­գին։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ ուղ­ղա­կիօ­րէն են­թար­կո­ւիլ Ատր­պէյ­ճա­նի ծայ­րա­յեղ պա­հանջ­նե­րուն, տրո­ւած ըլ­լա­լով որ ­Պա­քուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւ­նը դար­ձու­ցած է նա­խա­պայ­ման՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գիր ստո­րագ­րե­լու հա­մար։
Այս լա­րո­ւած մթնո­լոր­տին մէջ, վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան 18 ­Նո­յեմ­բե­րին խորհր­դա­րա­նին մէջ, իսկ յա­ջորդ օ­րը՝ կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, թէ իր քա­ղա­քա­կան ա­պա­գան կը կա­պէ հան­րա­քո­ւէի ար­դիւնք­նե­րուն հետ։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ան յանձն ա­ռաւ հրա­ժա­րիլ, ե­թէ ընտ­րող­նե­րը մեր­ժեն նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը, իսկ վա­ւե­րաց­ման պա­րա­գա­յին՝ խոս­տա­ցաւ պաշ­տօ­նա­վա­րել մին­չեւ 2031-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը եւ այ­լեւս չա­ռա­ջադ­րո­ւիլ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ան տե­ղե­կա­ցուց, որ նա­խա­գի­ծին նախ­նա­կան տար­բե­րա­կը պի­տի հրա­պա­րա­կո­ւի յա­ջորդ շա­բաթ։
Այս քայ­լով իշ­խա­նու­թիւ­նը կը փոր­ձէ պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րը վե­րա­ծել քա­ղա­քա­կան սա­կար­կու­թեան ա­ռար­կա­յի՝ հան­րա­յին ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղե­լով հար­ցի բուն էու­թե­նէն։ ­Խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մու­թեան ան­յա­պաղ եւ վճռա­կան մեր­ժու­մը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ 19 ­Նո­յեմ­բե­րին՝ «­Հա­յաս­տան» խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ք­րիս­տի­նէ ­Վար­դա­նեա­նի յայ­տա­րա­րու­թեամբ։ Այս­պէս՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դամ եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընդ­դի­մա­դիր հիմ­նա­կան ու­ժի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը վե­րա­հաս­տա­տեց, որ ի­րենց պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը դէմ պի­տի քո­ւէար­կեն հան­րա­քո­ւէ յայ­տա­րա­րե­լու ա­ռա­ջար­կին՝ մեր­ժե­լով այն տե­սա­կէ­տը, թէ վար­չա­պե­տին հա­ւա­նա­կան հրա­ժա­րա­կա­նը կրնայ ար­դա­րաց­նել սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու շուրջ ո­րե­ւէ զի­ջում կամ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն։
Ընդ­դի­մու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը յստակ է. խնդի­րը բնաւ ­Փա­շի­նեա­նի քա­ղա­քա­կան ա­պա­գան կամ պաշ­տօ­նա­վար­ման ժամ­կէ­տը չէ, այլ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի ճնշում­նե­րուն տակ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան հիմ­քե­րը խա­թա­րե­լու ան­դառ­նա­լի հե­տե­ւանք­նե­րը։ Երբ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի պե­տու­թեան ի­րա­ւա­կան ու պատ­մա­կան հիմ­քե­րուն, ան­հա­տա­կան քա­ղա­քա­կան հա­շո­ւարկ­նե­րը կը դառ­նան երկ­րոր­դա­կան։
1990-ի Ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րին յի­շա­տա­կու­թիւ­նը հե­ռաց­նե­լու մտադ­րու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­մէ­նէն մտա­հո­գիչ կէ­տը կը մնայ։
Ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րը պարզ պատ­մա­կան վա­ւե­րա­գիր մը չէ. ան ժա­մա­նա­կա­կից ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծննդեան վկա­յա­կանն է, որ կ­՚ամ­րագ­րէ ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­ներն ու պատ­մա­կան յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոր վե­րա­ցու­մը կը հա­րո­ւա­ծէ պե­տու­թեան պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը՝ զայն ստո­րա­դա­սե­լով իշ­խա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան կա­ղա­պար­նե­րուն։
Ա­ռա­ւել եւս ա­նըն­դու­նե­լի է այն հան­գա­ման­քը, որ այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րո­ւին ար­տա­քին պար­տադ­րան­քի ներ­քոյ եւ փո­խա­դար­ձու­թեան լիա­կա­տար բա­ցա­կա­յու­թեամբ։ ­Պա­քուն կը պա­հան­ջէ ­Հա­յաս­տա­նէն, որ հրա­ժա­րի իր հիմ­նա­րար սահ­մա­նադ­րա­կան յղում­նե­րէն՝ ա­ռանց ին­քը ստանձ­նե­լու ո­րե­ւէ հա­մար­ժէք յանձ­նա­ռու­թիւն. ո՛չ կը հրա­ժա­րի հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րու հան­դէպ իր պա­հանջ­նե­րէն ու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն, ո՛չ ալ կը տրա­մադ­րէ շօ­շա­փե­լի անվ­տան­գա­յին ե­րաշ­խիք­ներ, ինք­նիշ­խա­նու­թեան յար­գում կամ մար­դա­սի­րա­կան հար­ցե­րու վերջ­նա­կան լու­ծում։ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­պայ­ման­նե­րուն ըն­դա­ռաջ եր­թա­լը չի կրնար ըն­կա­լո­ւիլ իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն կամ դէ­պի տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թիւն տա­նող քայլ, այլ՝ իբ­րեւ միա­կող­մա­նի զի­ջում, որ կը խո­ցէ ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը։
Սկզ­բուն­քա­յին վտանգ­նե­րէն ան­դին, վար­չա­պե­տին ա­ռա­ջար­կը կը պա­րու­նա­կէ նաեւ ակն­յայտ քա­ղա­քա­կան եւ թո­ւա­բա­նա­կան ան­հա­մա­չա­փու­թիւն։
Իշ­խող «­Քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գիր» կու­սակ­ցու­թիւ­նը 105-ան­դամ­նոց Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ ու­նի 64 տեղ՝ վեց քո­ւէ պա­կաս հան­րա­քո­ւէ յայ­տա­րա­րե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ սահ­մա­նադ­րա­կան մե­ծա­մաս­նու­թե­նէն։ ­Հե­տե­ւա­բար, որ­պէս­զի ստու­գո­ւի հրա­ժա­րա­կա­նի խոստ­ման լրջու­թիւ­նը, ընդ­դի­մու­թիւ­նը նախ պէտք է իր քո­ւէ­նե­րով օ­րի­նա­կա­նաց­նէ հան­րա­քո­ւէի գոր­ծըն­թա­ցը՝ վտան­գե­լով երկ­րի հիմ­նա­րար ար­ժէք­նե­րը, իսկ դրա­կան քո­ւէար­կու­թեան պա­րա­գա­յին՝ իշ­խա­նու­թեան մէջ պա­հե­լով զինք մին­չեւ 2031 թո­ւա­կան։
Ընդ­դի­մու­թեան մեր­ժու­մը՝ տրա­մադ­րե­լու անհ­րա­ժեշտ վեց քո­ւէ­նե­րը, ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին կը գոր­ծէ իբ­րեւ պատ­նէշ՝ կան­խե­լու հա­մար պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րու խա­թա­րու­մը։ ­Պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան եւ ազ­գա­յին ինք­նիշ­խա­նու­թեան ան­սա­կար­կե­լի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ, որ ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը մնայ ազ­գա­յին միաս­նու­թեան եւ պե­տու­թեան ան­ձեռնմ­խե­լի ե­րաշ­խիք, եւ ոչ թէ ար­տա­քին պար­տադ­րանք­նե­րու, անձ­նա­կան փա­ռա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան շա­հար­կում­նե­րու գոր­ծիք։

Ա.