Պուէնոս Այրէսի քաղաքային օրէնսդիր մարմինը՝ Ապրիլ 20-ին կայացած նիստով՝ հաւատարիմ մնալով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառութեան՝ Ապրիլ 24-ը յայտարարած է թրքական պետութեան կողմէն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր` «Յիշողութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ փոխհատուցում» կարգախօսին ներքոյ: Այս մասին կը յայտնէ Prensa Armenia-ն:
Օրէնսդիր մարմնի մարդու իրաւունքներու երաշխաւորման եւ հակախտրականութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Գամբանիոլիի եւ օրէնսդիր Գարլոս Թոմատայի համահեղինակած բանաձեւը կը վերաբերի նաեւ Ապրիլ 24-ին Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրին դիմաց նախատեսուած ձեռնարկին, որ պիտի յաջորդէ տեղի հայ համայնքին կազմակերպած երթին:
Քաղաքային օրէնսդիր մարմինը նաեւ հաւանութիւն տուած է այդ օրը կայանալիք ձեռնարկներուն:
Պուէնոս Այրէս
Պուէնոս Այրէսը Ապրիլ 24-ը հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր