Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, ընդառաջելով Եւրոպական Միութեան «Աղօթատեղիներու եւ հոգեւոր հաստատութիւններու պաշտպանութեան (PAR.TE.S. — Participatory approaches to protecting places of worship)» ծրագիրին եւ Յունաստանի «Քաղաքացիի պաշտպանութեան» Նախարարութեան (Υπουργείο Προστασίας του Πολίτη) հովանիին տակ գործող «Ապահովական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»ի (Κεντρο Μελετων Ασφαλείας – KΕ.ME.A.) հրաւէրին, յանուն Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգ. Առաջնորդարնին եւ Առաջնորդ գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանին, Նէոս Գոզմոսի(Ֆիքս) շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան ներկայ գտնուեցաւ կազմակերպուած «Պաշտամունքի վայրերու պաշտպանութեան համար Եւրոպական եւ ազգային ծաւալը՝ միջոցառումներ, նախազգուշական միջոցներ եւ գործնական նախաձեռնութիւններ» նիւթով, երկրորդ փակ տեղատուական եւ դաստիարակչական հանդիպումին, հաստատութեան կեդրոնէն ներս:
Հանդիպումին ներկայ էին Յունաստանի մէջ պաշտօնապէս գործող զանազան կրօնական համայնքներու հոգեւորականներ, պետական օրէնսդրական, քննչական եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչներ, համալսարանական եւ ուսումնասիրական գիտական եւ դաստիարակչական հաստատութիւններու եւ կեդրոններու գործիչներ, մասնագէտներ եւ հետախոյզներ, ինչպէս նաեւ ապահովական մարմիններու փորձագետ դաստիարակներ:
Հանդիպումը բաժնուած էր վեց օրակարգերու, որոնք կ՚ընդգրկէին Եւրոպական Միութեան տարածքին աղօթատեղիներու եւ հոգեւոր հաստատութիւններու դեմ գործադրուող ծայրահեղական յարձակումները կանխարգիլելու ապահովական ծրագիրիներ, կանխարգիլելու արդիական միջոցներ եւ համապատասխան գործնական քայլեր, ինչպէս նաեւ Յունաստանի քննչական եւ դատական կառոյցներուն կրօնական համայնքներուն հետ յարաբերական կարելիութիւններն ու գործակցութեան պայմանները եւ անոնց մասնագիտացած պատրաստակամութիւնն ու ներդրումը, ի խնդիր կրօնական համայնքներու խաղաղ եւ համերաշխ գոյակցութեան Յունաստանի ամբողջ տարածքին:
Նիւթերու ներկայացման աւարտին, կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչները անդրադարձան վերոնշեալ հարցերուն եւ անոնց հետ կապուած համայնքային խնդիրներուն ու ձեռք բերուած փորձառութիւններուն՝ տալով համապատասխան առաջարկութիւններ:
Այս առթիւ, Տ. Նարեկ քահանայ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպողներուն հրաւէրին համար, շեշտելով թէ Յունաստանի մէջ բնակող հայութիւնը, որպէս լիարժէք քաղաքացիներու հաւաքականութիւն, կը վայելէ երկրիս սահմանադրութեամբ հաստատուած խղճի եւ հաւատքի ազատութեան բոլոր բարիքները, ինչպէս նաեւ պետական պատկան բոլոր մարմիններու եւ կարոյցներու լրիւ գործակցութիւնը, զօրակցութիւնն ու յարգանքը: Յիշեալ աշխատանքին հրաւիրեալները ստացան մասնակցողի համապատասխան վկայագիր:
Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ