Ուսումնական 2024-2025 ­տարեշրջանի վերամուտին առիթով

0
77

Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր ­Սուր­բին օրհ­նու­թեան ­խօս­քը

Ի­մաս­տա­սի­րա­կան աշ­խար­հի մայ­րա­քա­ղա­քէն՝ Ա­թէն­քէն, Ք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քով եւ ի­մաս­տու­թեան կան­թե­ղի ան­մար ճրա­գի յոյ­սով, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն կ’ող­ջու­նեմ մեր դպրոց­նե­րու Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դը, ազ­գա­յին բա­րե­րար­նե­րը եւ բա­րե­կամ­նե­րը, տնօ­րէն­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րը եւ նո­ւի­րեալ ծնող­նե­րը։
Ար­դա­րեւ՝ հայ դպրո­ցը եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը տա­րո­ւէ տա­րի նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մաց կը գտնո­ւի։ ­Հա­կա­ռակ ծա­ռա­ցած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, ու­րա­խա­լի է տես­նել, թէ մեր դպրոց­նե­րուն դռնե­րը դար­ձեալ կը բա­ցո­ւին հայ ա­շա­կեր­տին դի­մաց։ Սր­բա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւն է հա­յու ո­գիով եւ ի­մաս­տու­թեամբ թրծել մատ­ղաշ սե­րուն­դը։ ­Կը գնա­հա­տենք այն բո­լոր նո­ւի­րեալ ծնող­նե­րը, ո­րոնք «այ­րի կնոջ» լու­մա­յին օ­րի­նա­կով ազ­գին գան­ձա­նա­կին կը նո­ւի­րեն ա­մէ­նէն թան­կա­գի­նը՝ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը։ ­Մեր խոր հա­մո­զումն է, որ սփիւռ­քը իր շա­րու­նա­կա­կան գո­յու­թիւ­նը կը պար­տի հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քին հայ Ա­մէ­նօ­րեայ, ­Շա­բա­թօ­րեայ եւ ­Կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րուն։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սը կը շեշ­տէ, «­Հայ դպրո­ցը իր հայ քրիս­տո­նեայ դաս­տիա­րա­կե­լու ա­ռաքե­լու­թեամբ կեն­սա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին մէջ, ո­րո­շիչ դեր ու­նե­նա­լով ­Հայ ինք­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման մէջ»։
­Յու­նաս­տա­նի մեր հայ հա­մայն­քը տա­րի­ներ շա­րու­նակ ջամ­բեց հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն եւ թրծեց հա­յու նկա­րա­գիր։ Այ­սու կը գնա­հա­տենք եւ կ­’օրհ­նենք մեր Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դը, ­Կա­պոյտ ­Խա­չի անդամուհիները, բա­րե­րար­ներն ու կա­մա­ւոր­նե­րը։
­Թող ա­մե­նա­բա­րի Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թեամբ եւ ­Մաշ­տո­ցեան շուն­չով լե­ցո­ւին մեր ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը պա­րու­րո­ւին դաս­տիա­րա­կե­լու անս­պառ կո­րո­վով եւ տնօ­րէն­նե­րը ա­պա­գա­յի տե­սիլ­քով կազ­մա­կեր­պեն մեր դպրոց­նե­րը:

Ա­ղօ­թա­րար՝
­Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեան, 
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց ­Թե­մի