Սոյն գրութիւնը կարդացուած է ֆրանսերէն, Փարիզի Ալֆորվիլ արուարձանի «Մշակոյթի Տուն»-ին մէջ կայացած հայ գրքի Armen’ Livres ցուցահանդէսին, որ այս տարի նուիրուած էր Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին:
Ոչ մէկ վայր եւ միջավայր աւելի յարմար է յարգելու Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակը քան Armen’ Livres-ը:
Որքան դրուատիքով կ՛արտայայտուի Քիւրքճեան հայ գրքին շուրջ կայացող տարեկան այս հանդիպումին մասին:Ահա կարգ մը արտայայտութիւններ իր տպաւորութենէն, տպուած՝ «Նոր Յառաջ»-ի 16 Ապրիլ 2015-ի թիւին մէջ. Armen’ Livres-ը «հայ գրքի տօնն է», «հարիւրաւոր տիտղոսներ», «հազարաւոր օրինակներ» ցրուած են սեղաններուն վրայ, տպաւորիչ է այցելուներու մեծ թիւը, մեծեր եւ փոքրեր, կազմակերպութիւնը մասնագիտական է եւ գործն է կիներու եւ տղամարդոց խմբակի մը, որուն երկարամեայ հետեւողական ճիգին կը պարտի ցուցահանդէսը իր յարաճուն վերելքն ու յաջողութիւնը:
Յ. Քիւրքճեանի վճիռը աներկբայ է, ան մշակութային այս ձեռնարկին կազմակերպումը կը կոչէ հերոսական, իր աչքին ան համարժէք է ռազմաճակատի կրակի գիծին:
Ցուցահանդէսը անկասկած լիովին արժանի է այս գովասանքին, սակայն Քիւրքճեան չի բաւարարուիր գնահատելով զայն ըստ արժանւոյն. գերազանցապէս քննական միտք՝ան իր մտածումին ծիրը կ՛ընդլայնէ, պահէն անդի՛ն կ‘անցնի հետեւեալ երկու մակարդակներով: Նախ կը վերադառնայ հայկական Սփիւռքի կացութեան կապուած հիմնական մատնանշումին՝ ոչ հայկական միջավայրի մէջ, աշխարհի տարածքին ցրուած գաղութներուն. ի՞նչ չափով այս գաղութները իրենք իրենց վրայ կծկուած, լուսանցքայնացած կեանք կ՛ապրին, առաւել կամ նուազ կէթոյացած, կամ ընդհակառակը՝ անոնց համայնքային կեանքը կը յատկանշուի տեղւոյն ոչ հայ տարրին հետ կենդանի յարաբերութեամբ:
Քիւրքճեանի կարծիքով Ալֆորվիլի հայ գրքի ցուահանդէսը այն շա՛տ դրական փաստն է, թէ գաղութահայ համայնքը կրնայ բացուիլ տեղական միջավայրին եւ հարստացնել իր կեանքը: Յ. Քիւրքճեանի քննական միտքը հոս կանգ չ‘առներ, մեկնելով այն իրողութենէն, թէ ինք Աթէնքէն եկած է Ալֆորվիլի այս ցուցահանդէսին եւ իր կարգին հայկական թերթի միջոցաւ զայն ծանօթացուցած է լայն շրջանակի, ան կը զարգացնէ իր սրտին շա՛տ մօտիկ հետեւեալ գաղափարը՝ տեսլականը հայկական Սփիւռքի մը, որ մասնատուած չըլլա՛յ, Սփիւռքի մը, ուր զանազան գաղութները իրարու հետ սերտ կապակցութեան մէջ ըլլան, մէկը միւսով հետաքրքրուած, մէկը միւսին փորձառութիւնը բաժնող ու անկէ օգտուող, Սփիւռքի մը, որ կարենայ տարբերութիւնները գաղութներուն միջեւ զանցե՛լ ու ըլլայ հայկական ոգիով միացած կենդանի մարմին մը, այնպէս ինչպէս զայն կ՛երազէր տեսնել Նիկողոս Սարաֆեան, որ հակադարձաբար Սփիւռքի մեծ թուով հայ մտաւորականներու, ցեղասպանութեամբ մեզի պարտադրուած տարբաղադրումին մէջ ո՛չ թէ խոչընդոտ այլ բարեդէպ պատեհութիւն կը տեսնէր. «Եթէ մեր հայրենի հողը սահեցաւ մեր ոտքերուն տակէն ու մեզ յանձնեց ալիքներուն, ահա եզակի առիթը լողա՛լ սորվելու{…}: Հայ ոգին, իմ կարծիքովս, իր նոր բնակարանը պէտք է գիտնայ կառուցել, այնպէս ինչպէս նաւաբեկեալ Ռոպինսոնը ըրաւ[…} Ի՜նչ հրաշալի երգեհոն մը պիտի կարենայ ստեղծել ան զինք շրջապատող մշակոյթներէն եկած բազմապատիկ գրգիռները իր մէջ մերելով ու համակարգելով»: (յղումը՝ Գ.Պըլտեանի «Յիսուն տարի ֆրանսահայ գրականութիւն» գործէն):
Նախորդող տողերը կը լուսաւորեն կերպարը Յ. Քիւրքճեան մտաւորականին, որ ոտքերը իր ժամանակի իրականութեան մէջ ամրօրէն խրած՝ սերտօրէն կ՛առնչուի այն ամէն ինչին, որ կը վերաբերի հայ լեզուին ու մշակոյթին: Ուշադրութիւն կը գրաւէ այն մեծ լրջութիւնը, որմով ան կացութեան մը այլազան երեսակները կը շօշափէ, վեր առնելով յատկանշական մանրամասնութիւններ կառուցելու նպատակով մտածու՛մը, հի՛մը մտաւորական անձնականացուած յանձնառութեան մը, վճռականօրէն նորարար, հեռու կրկնատիպային կեցուածքէ: Դաստիարակ Յարութիւն Քիւրքճեանի ստեղծագործ աշխատանքը հիմնուած է այս նոյն սկզբունքներուն վրայ: Մեր խօսքի ծիրին մէջ չ‘իյնար Յ. Քիւրքճեանի պատրաստած դասագրքերու մանկավարժական սկզբունքներու ներկայացումը: Այդ դասագրքերու երկու շարքերը ունին խօսուն վերնագիրներ՝«Հայրենի Աղբիւր» եւ «Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն». շեշտը ուրեմն դրուած է շարժումի եւ կեանքի վրայ: Միջնակարգի չորս (6…9) եւ երկրորդականի երկու հատորները հրաւէր մըն են հայ աշակերտին՝ հետախուզելու զինք շրջապատող իրականութիւնը, հարցադրումի ենթարկելու զայն եւ կառուցելու մտածում մը: Ուսուցումը կը հետեւի յառաջընթացը կազմակերպ ձեւով հունաւորող մեթոտի: Իսկ էջերուն մեծ խնամքով պատրաստուած գեղագիտական տեսքը ինքնանպատակ չէ, ան կը միտի աշակերտին շօշափելի դարձնել հայկական մշակութային, գեղարուեստական ժառանգութիւնը:
Armen’ Livres-ը իրաւամբ ամենէն պատշաճ վայրն է պատուելու Յարութիւն Քիւրքճեան եզակի մտաւորականը, որուն համար քննական միտքը անշրջանցելի պարտադրանք է: Իրականութենէն բխող գրգիռները կ՛արձանագրուին կառուցելու համար ստեղծագործ ենթակայական մտածում մը, հեռու՝ մտային ծուլութենէ, կրկնողականութենէ եւ քարացումէ: Ծնած ու մեծցած՝ Պուրճ Համուտ, Յ. Քիւրքճեան կ՛ըսէ, թէ մօտէն ճանչցած է ինքն իր վրայ փակ, հայկական Սփիւռքի հարազատ միջավայրը. իր քննական միտքը յանձն առած է, որոշ հեռաւորութեամբ մօտենալու հայկական սփիւռքեան կացութեան, դրական, մշտանորոգ հարցադրում արծարծելու նպատակով ու այս մէկը՝ մտաւորական ստեղծագործ եւ յանձնառու գործի ծաղկումին անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար:
Բայց այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Յարութը, բարեկամ ու ընկեր: Ըսի՞ արդեօք, որ դպրոցական գրասեղաններէն սիրած ու զննած է աստղերը: Աստղերն ու Հողը, իր շա՛տ սիրած գրագէտին՝ Սէնթ — Էքսիւփերիի նման: Երբեմն-երբեմն, Էկինա, կղզիի իրենց պզտիկ տան պատշգամին վրայ կը տեղաւորէր իր աստղադիտակը խրտչեցնելու գնով իրենց օգնական կինը, որ կը վախնար անկէ. երկինքը կը զննէր, նման իր այնքա՛ն սիրած գիտաերեւակայական վէպերու հերոսներուն: Ըսի՞ արդեօք, որ լեռ ու ձոր ոտնակոխ կ՛ընէր. քանի՜ քանի՜ բարձունքներ մագլցած է Լիբանանի Սաննինէն ի վեր. Հետաքրքրութի՞ւնն էր իր մղիչ ուժը: «Հողը մեզի մեր մասին աւելի՛ բան կը սորվեցնէ քան բոլոր գիրքերը: Որովհետեւ ան կը դիմադրէ՛ մեզի» կը գրէ Սէնթ — Էքսիւփերի: Երեւի ա՛յս էր պատճառը. նոյնը չէ՞ր, երբ կը մշակէր իր պզտիկ հողը Էկինա կղզիին վրայ: Ամրան սկիզբը մե՛ծ ճիգով յօտեց նշենիի մը կատարը. «պիտի տեսնէ՛ք, ինչպէ՜ս պիտի ծաղկի գալ տարի…» ըսաւ:
Այո՛, Յարո՛ւթ, պիտի ծաղկի՛ նշենին, ինչպէս ամէն տարի պիտի ծաղկին հազարաւոր հայ աշակերտները քու դասագրքերուդ ընդմէջէն: Աստղիդ մէջ ծուարած, գոհունակ՝ պիտի ժպտիս:
Վարձքդ կատա՛ր բարեկա՛մ:
Շաղիկ
(1) «Une force qui va» — Hernani,V.Hugo
Շաղիկ Մկրտիչեան
Աթէնք, 27-11-2024