Կիրակի 12 Յունուար 2025-ին, Նէոս Գոզմոսի(Ֆիքս) Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ աւանդական մատաղօրհնութեամբ պիտի տօնուի նորաշէն եկեղեցւոյս անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 42-րդ ամեակը:
Այս առթիւ, պիտի խնդրենք մեր ուխտաւոր ժողովուրդի զաւակներէն, փոխան մատաղի նուիրահաւաքի աշխատանքը դիւրացնելու համար, կապի մէջ մտնել մեզի հետ, ներքեւ յիշուած հեռաձայնի թիւերուն.-
Եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ 2109215452 եւ 6974431561, պրն. Նազարէթ Դաւիթեանին՝ 2109029443 եւ 6955043003, տիկ. Արշալոյս Նաքու- Տրդատեանին՝ 2109416584 եւ 6942214251, տիկ. Հռիփսիմէ Գարամանեանին՝ 2109320544 եւ 6932134121:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ