1 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Նէոս Գոզմոս(ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Նոր տարուայ առաջին ս. եւ անմահ պատարագը, ներկայութեամբ գոհացուցիչ թիւով հաւատացեալներու։
Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհն. Շահինեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց դպրաց դասը, խմբավարութեամբ բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի:
Պատարագէն անմիջապէս վերջ, ներկաները ուղուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր ինչպէս այլեւս տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է, Տէր հայրը օրհնեց Նոր տարուան տարեհաց-գաթան, հրաւիրելով Տիկնանց մարմնոյ վաստակաւոր անդամուհի տիկ. Հռիփսիմէ Գարամանեանը, որպէսզի կտրէ կարկանդակը։
Եկեղեցւոյս Տիկնանց մարմինը ուրախութեամբ հիւրասիրեց բոլորին, հրամցնելով քաղցր խմիջք եւ գաթայի կտորները։ Օրուան եւ տարուան բախտաւորը՝ տիկ. Սիրանուշ Մելքոնեան, բոլոր ներկայներուն անկեղծ մաղթանքներուն հետ, ստացաւ նաեւ համեստ նուէր մը՝ հայկական գինի:
Վարձքը կատար բոլորին:
ԹՂԹԱԿԻՑ