Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­պա­րա­կած նոր ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը գոր­ծող մայր օ­րէն­քի վե­րամ­շակ­ման եւ սահ­մա­նադ­րա­կան դրոյթ­նե­րու ար­դիա­կա­նաց­ման սահ­ման­նե­րէն ան­դին անց­նե­լով, հայ քա­ղա­քա­կան կեան­քէն ներս կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս պե­տա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան հի­մե­րու վե­րա­նայ­ման յստակ փորձ մը, ո­րուն ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը շատ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ կը թո­ւին ըլ­լալ, քան նոյ­նինքն սահ­մա­նադ­րա­կան շարք մը յօ­դո­ւած­նե­րու փո­փո­խու­թիւ­նը։
Խնդ­րոյ ա­ռար­կան, ըստ էու­թեան, ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադր­ման սկզբունք­նե­րուն եւ ա­նոնց­մով ամ­րագ­րո­ւած ազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ իշ­խա­նու­թեան ծա­նօթ մօ­տե­ցումն է։ ­Նա­խա­գի­ծին ա­մէ­նէն նշա­նա­կա­լից եւ մտա­հո­գիչ փո­փո­խու­թիւ­նը Ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րին յղու­մին բա­ցա­կա­յու­թիւնն է։ 1990-ի Հռ­չա­կա­գի­րը հը հան­դի­սա­նայ ժա­մա­նա­կա­կից հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դիր քա­ղա­քա­կան վա­ւե­րա­գի­րը, ո­րուն մէջ խտա­ցած են ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման կամ­քը, պատ­մա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ բո­վան­դակ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մախմբու­մը հա­մազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րուն շուրջ։ ­Հի­մա, յղու­մին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան նա­խա­բա­նէն կը նշա­նա­կէ վե­րա­սահ­մա­նել ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ստեղծ­ման քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը՝ զա­նոնք մղե­լով երկ­րոր­դա­կան դիր­քի, իսկ պե­տա­կա­նու­թեան ընմբռ­նու­մը սահ­մա­նա­փա­կել ներ­կայ քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թեան ըն­կա­լում­նե­րու նեղ շրջա­գի­ծին մէջ։
Ա­ռա­ջար­կո­ւած փո­փո­խու­թեան քա­ղա­քա­կան են­թա­հո­ղը յստա­կօ­րէն կ­՚առն­չո­ւի ­Պա­քո­ւի հե­տե­ւո­ղա­կան պա­հանջ­նե­րուն հետ։
Ատր­պէյ­ճան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան վե­րա­նա­յու­մը կը ներ­կա­յաց­նէ իբ­րեւ խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րի ստո­րագր­ման նա­խա­պայ­ման, իսկ Ե­րե­ւա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ ըն­դա­ռա­ջե­լու այդ պա­հան­ջին, կը բա­ցա­յայ­տէ բա­նակ­ցա­յին ակն­յայտ ան­հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն մը։ Ի՞նչ փո­խա­դարձ յանձ­նա­ռու­թիւն պի­տի ստանձ­նէ ­Պա­քուն՝ ­Հա­յաս­տա­նին կող­մէ նման հիմ­նա­րար փո­փո­խու­թեան դի­մաց։ ­Հայ­կա­կան գե­րիշ­խան տա­րածք­նե­րու բռնագ­րաւ­ման հար­ցը, Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րը, Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան գե­րի­նե­րու վե­րա­դար­ձը, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ան­խո­չըն­դոտ վե­րա­դար­ձը իր բնօր­րա­նը կը շա­րու­նա­կեն մնալ չլու­ծո­ւած հիմ­նախն­դիր­ներ։ Իսկ, այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, սահ­մա­նադ­րա­կան ո­րե­ւէ զի­ջում խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի որ­պէս փո­խա­դարձ քայլ ներ­կա­յաց­նե­լը կը քօ­ղար­կէ իշ­խա­նա­կան կող­մի որ­դեգ­րած զի­ջում­նե­րու ի­րա­կան քա­ղա­քա­կան գի­նը։
­Պե­տա­կան ինք­նու­թեան նոյն­քան կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նա­խա­գի­ծին մօ­տե­ցու­մը նոյն մտա­հո­գու­թիւ­նը կը յա­ռա­ջաց­նէ։ ­Զի­նան­շա­նը, դրօ­շը եւ օրհ­ներ­գը պե­տա­կա­նու­թեան հաս­տատ­ման, ազ­գա­յին հիմ­նա­շէն­քի ու ինք­նիշ­խա­նու­թեան ան­վի­ճե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներն են, հե­տե­ւա­բար, ա­նոնց սահ­մա­նադ­րա­կան ամ­րագ­րու­մը պե­տա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ։
­Սա­կայն, նոր նա­խա­գի­ծի մէջ պե­տա­կան զի­նան­շա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան նկա­րագ­րու­թեան վե­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ խորհր­դա­նի­շե­րու կար­գա­ւո­րու­մը օ­րէնսդ­րա­կան մա­կար­դա­կին փո­խադրե­լով, հիմ­նո­վին կը նո­ւա­զեց­նէ ա­նոնց ի­րա­ւա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան կշի­ռը։ ­Նա­խա­գի­ծի մնա­ցեալ դրոյթ­նե­րը եւս կը պա­հան­ջեն հան­գա­մա­նա­լի քննար­կում։
Ա­ռա­ջար­կո­ւած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­բե­րին քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու, ի­րա­ւա­կան ա­պա­հո­վու­թեան եւ պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն։ Ա­նոնց հա­մադ­րո­ւած ազ­դե­ցու­թիւ­նը պէտք է գնա­հա­տել բա­ցի ի­րա­ւա­կան, նաեւ քա­ղա­քա­կան հե­տե­ւանք­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն։
­Մին­չեւ այ­սօր գոր­ծող ­Սահ­մա­նադրու­թեամբ, պե­տա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը խարս­խո­ւած է պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան հիմ­նա­դիր սկզբունք­նե­րու ան­խա­թար պահ­պան­ման վրայ։
Այժմ, մինչ իշ­խա­նա­կան կող­մը ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան վե­րա­նա­յու­մը կը ներ­կա­յաց­նէ իբ­րեւ պե­տա­կա­նու­թեան յա­րա­տե­ւու­թեան մի­ջոց, այ­սու­հան­դերձ, ­Հա­յաս­տա­նին առ­ջեւ դրո­ւած է քա­ղա­քա­կան ընտ­րու­թիւն մը, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը պի­տի տա­րա­ծո­ւին ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­վար­ման սահ­ման­նե­րէն ան­դին՝ դառ­նա­լով ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռան­գո­ւե­լիք պե­տա­կա­նու­թեան բնոյ­թը պայ­մա­նա­ւո­րող ո­րո­շում։
Այս հանգ­րո­ւա­նին վճռո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նայ ժո­ղովր­դա­յին կամ­քի գի­տա­կից եւ յանձ­նա­ռու ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։ ­Հան­րա­քո­ւէն պէտք է վե­րա­ծո­ւի ազ­գա­յին սկզբունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան յստակ վճի­ռի, ո­րով ժո­ղո­վուր­դը իր ան­հեր­քե­լի խօս­քը պէտք է ը­սէ ան­կա­խու­թեան հիմ­նա­դիր ար­ժէք­նե­րու նա­հան­ջին ու սահ­մա­նադ­րա­կան զի­ջում­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ։
­Խա­ղա­ղու­թեան ամ­րագ­րու­մը ու ա­նոր կող­քին տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մը ի­րենց ար­դա­րա­ցու­մը կրնան գտնել միայն այն ա­տեն, երբ կը ծա­ռա­յեն ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման։ ­Ժո­ղո­վուր­դին գի­տա­կից մեր­ժու­մը պար­տադրո­ւած նա­հան­ջին դէմ, հարկ է դառ­նայ ազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թեան եւ ամ­բողջ ազ­գին ու պե­տու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան վճռա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն։

«Ազատ Օր»