Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր կը ժամանէ Երեւան բարձր մակարդակի հանդիպումներու շարք մը ունենանու համար։
Ան պիտի ընդունուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանէն, ապա պիտի յաջորդեն ընդլայնուած խօսակցութիւններ։ Երկու նախարարները հանդէս պիտի գան մամլոյ յայտարարութիւններով։
Յաջորդաբար, Նիքոս Տենտիաս պիտի ընդունուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կողմէ եւ պիտի յաջորդէ հանդիպում պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին հետ։
Այցելութիւնը պիտի աւարտի պաշտօնական ընթրիքով, որ պիտի տրուի Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։
Երկու կողմերու խօսակցութիւնները պիտի կեդրոնանան երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային հարցերուն վրայ, ինչպէս նաեւ լայնօրէն պիտի քննուին Կովկասի եւ Արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանային զարգացումները։ Առաւել, յատուկ ծանրութիւն պիտի տրուի եռակողմ ձեւաչափի գործակցութեան ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններուն։
Նշենք, որ շաբաթ մը առաջ երկու նախարարները հանդիպում ունեցան Նիւ Եորքի մէջ՝ Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովի նիստերու լուսանցքին, ուր իրագործուեցաւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ հանդիպումը։
Վերջին երկու տարուան ընթացքին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի այս երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան։ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն՝ 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Նիքոս Տենտիաս դարձեալ Երեւան գտնուած էր, Յունաստանի զօրակցութիւնը յայտնելու համար Հայաստանին: