
Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին, Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդական հանդիսաւոր ս. եւ անմահ պատարագով ու աւանդական մատաղօրհնութեամբ տօնուեցաւ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 102-ամեակը (42 տարի նորաշէն եկեղեցւոյ):
Պատարագը մատուցեց, իր հայրական պատգամը տուաւ ու մատաղօրհնութիւնը կատարեց Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան:
Առաջնորդ Հայր սուրբը Յովհաննու Կարապետի կեանքէն մասնաւորեց հաւատարմութիւնը` Աստուծոյ եւ առաքելութեան հանդէպ, քաջութիւնը` ծառացած բոլոր դժուարութիւններուն եւ սպառնալիքներուն դիմաց, եւ խոնարհութիւնը։
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, բրշ. Լեւոն սրկ. Ունանեան եւ պատանի դպիրներ Գրիգոր Ունանեան եւ Փիլիպպոս Պրունծոս-Երանոսեան:
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասը, դպրապետութեամբ բրշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի, իսկ խմբավարութիւնը երգեհոնի ընկերակցութեամբ երաժիշտ բրշ. Կարօ կիսրկ. Պարտաքճեանի։ Օրուան շարականներու եւ մեղեդիներու երգեցողութիւնը կատարեցին բարշ. Կարօ կիսրկ. Պարտաքճեան, տիկ. Լիլիթ Ալեքսանեան եւ երէցկին Լուսի Շահինեան:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ստենադպիր պրն. Նազար Աւագեան, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային եւ Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեանց, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Գարէա-Կեսարեանիի թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներ եւ բազմաթիւ ուխտաւոր հաւատացեալներ:
***
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին, Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Ս. Յովհ.Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան 102-ամեակի (42 տարի նորաշէն եկեղեցւոյ) տօնակատարութեան առիթով, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանը, թաղական խորհուրդն ու տիկնանց միութիւնը, իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ գերպ. Տ. Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանին, որ մատուցեց Ս. պատարագը, տուաւ իր հայրական պատգամը ու կատարեց մատաղօրհնութիւնը:
Շնորհակալութիւն՝ Հ.Հ. դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեանին, Ազգային վարչութեան անդամներուն, շրջանիս թեմական երեսփոխաններուն, Ատտիկէի թաղական խորհուրդներու, կառոյցներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ իրենց ներկայութեան համար: Ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Գերպ. Տ. Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեանին եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգեն Չոլաքեանին, որոնք նախապէս հեռաձայնով փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:
Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք՝ եկեղեցւոյս բոլոր ծառայողներուն՝ դպրապետին, խմբավար-երգեհոնահարին, սարկաւագ-կիսասարկաւագներուն, պատանի դպիրներուն, երգչախումբի հին ու նոր անդամ-անդամուհիներուն, ուխտաւոր մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակներուն, փոխան մատաղի նուիրատուներուն եւ բարերարներուն եւ բոլոր օժանդակ տիկիններուն ու պարոններուն, որոնք հոգեւոր եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ իրենց պարտականութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան զոյգ տօներուն լաւագոյնս պատրաստուելու եւ ներկայացնելու համար:
Շնորհակալութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի սկաուտական կազմի խմբապետութեան, որխումբ մը տարազաւոր սկաուտներով ներկայ գտնուեցաւ եւ տօնական շուք մը տուաւ արարողութեան:
Վերջապէս, յատուկ շնորհակալութիւն «Σουβλάκια Ο Σέρκος» Խանիկեան եղբայրներուն՝ մատաղի հացիկները սիրայօժար տրամադրութեան համար:
Վարձքը կատար բոլորին:
Ծանօթ: Փափաքողները կարելիութիւնը ունին դիտելու վերոնշեալ տօնակատարութեան տեսաերիզը, համացանցի հետեւեալ հասցէին ճամբով՝ https://youtu.be/thpJjxMkJy4
Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ ՆԷՈՍ ԳՈԶՄՈՍ(ՖԻՔՍ)