Կիրակի, 5 Յունուարի առաւօտուն, իր վերջին շունչը ձգեց Յունաստանի նախկին վարչապետ Քոսթաս Սիմիթիս, 88 տարեկանին։ Ան Կորնթոսի հիւանդանոցը փոխադրուեցաւ, սակայն բժիշկները չկարողացան իր կեանքը փրկել։
Քոսթաս Սիմիթիս պաշտօնավարեց որպէս Յունաստանի Հանրապետութեան վարչապետ 1996-էն մինչեւ 2004։
Ծնած էր Փիրէա, 1936-ին։ Իր բարձրագոյն ուսումը կատարեց Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ, հետեւելով իրաւաբանութեան եւ տնտեսագիտութեան ճիւղերուն։ Ան երկար տարիներ դասաւանդեց գերմանական եւ յունական համալսարաններու մէջ։
Յունաստանի բռնատիրական շրջանին, արտասահմանէն մասնակցեցաւ ընդդիմադրութեան պայքարին, ապա բազմիցս ընտրուեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխան եւ զբաղեցուց նախարարական պաշտօններ։
Իր վարչապետութեան օրով դերակատարը եղաւ շարք մը ուշագրաւ իրագործումներու, ինչպիսին էին Յունաստանի մուտքը եւրոյի հասարակաց դրամանիշի դրութեան մէջ, Աթէնքի Ողիմպիական մրցումներու քուէարկութեան արդիւնքը, մեծ թիւով կարեւոր հանրային շինութիւնները, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մուտքը Եւրոպական միութեան ընտանիքէն ներս։ Նաեւ, արձանագրելի են քիւրտ ղեկավար Ապտուլահ Օչալանի խնդիրը եւ Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած՝ Իմիա կղզիի միջադէպը, որ ռազմական փախումի նախաշեմին հասցուց երկու երկիրները։
Յիշատակութեան արժանի է, թէ Քոսթաս Սիմիթիսի վարչապետութեան օրով, 1996-ին, Յունաստանի խորհրդարանը վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը, որ այնուհետեւ պետական օրէնքի ուժ ստացաւ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հետեւողական ջանքերով, այն օրուան «Քաղաքական գարուն» կուսակցութեան ղեկավար եւ հետագային վարչապետ Անտոնիս Սամարասին կողմէ օրինագիծը ներկայացուեցաւ խորհրդարան եւ ստացաւ քաղաքական ուժերու համամտութիւնը։ Այդ ժամանակէն ի վեր, Հայոց ցեղասպանութեան նշումը պաշտօնապէս կը կատարուի յունական պետութեան հովանաւորութեան տակ եւ պետական ու կառավարական պաշտօնատար անձերու մասնակցութեամբ։
Նախկին վարչապետի մահուան կապակցութեամբ, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը ցաւակցական գիր յղեց հանգուցեալի ընտանիքին։