Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոզեֆ Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 24 Ապրիլի իր ուղերձին մէջ ամերիկացի նախագահը երկու անգամ կիրարկեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը:
«Ամէն տարի այս օրը մենք կը յիշենք անոնց, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը՝ կանխելու նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը», նշուած է Պայտընի ուղերձին մէջ:
«Օսմանեան իշխանութիւններու կողմէ 24 Ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ հայ մտաւորականութեան եւ համայնքի ղեկավարներու ձերբակալութենէն յետոյ մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան եւ քալեցին իրենց մահուան երթը։ Մենք կը յարգենք Մեծ Եղեռնի զոհերը, որպէսզի տեղի ունեցած սարսափները երբեք մոռացութեան չենթարկուին: Եւ մենք կը յիշենք, որպէսզի մշտապէս զգօն մնանք ատելութեան քայքայիչ ազդեցութեան դէմ ՝ իր բոլոր դրսեւորումներով:
Կենդանի մնացածներէն շատերը ստիպուած էին գտնել նոր տուներ եւ նոր կեանքեր ամբողջ աշխարհին վրայ, ինչպէս նաեւ Միացեալ նահանգներու մէջ: Ուժով ու տոկունութեամբ հայ ժողովուրդը գոյատեւեց եւ վերակառուցեց իր համայնքը: Տասնամեակներու ընթացքին հայ ներգաղթեալները հարստացուցած են Միացեալ Նահանգները, բայց անոնք երբեք չեն մոռցած այն ողբերգական պատմութիւնը, որ իրենց նախնիներէն շատերուն բերաւ մինչեւ մեր ափերը: Մենք կը յարգենք անոնց պատմութիւնը: Մենք կը տեսնենք այդ ցաւը: Մենք կը հաստատենք պատմութիւնը: Մենք այդ կ՚ընենք ապահովելու համար, որ տեղի ունեցածը երբեք պիտի չկրկնուի:
Ամերիկացի ժողովուրդը կը յարգէ բոլոր այն հայերը, որոնք զոհուած են 106 տարի առաջ այս օրը սկսած ցեղասպանութեան ընթացքին», ըսուած է Սպիտակ Տան տարածած ուղերձին մէջ։