­Յու­նա­րէն լե­զո­ւի դա­սեր

0
35

Հ.Կ.­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը նա­մակ ստա­ցած է ­Յու­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ  Ա­թէն­քի Ար­քե­պիս­քո­պո­սու­թեան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող ­«Ա­փոս­թո­լի» բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն, որ կը տե­ղե­կաց­նէ թէ, վե­րոն­շեալ «Ա­փոս­թո­լի» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը նա­խա­ձեռ­նէ յու­նա­րէն լե­զո­ւի դա­սա­ւան­դու­թիւն, «ΕΝΤΑΞΗ» ծրա­գի­րին ընդ­մէ­ջէն:
Ծ­րա­գի­րը ուղ­ղո­ւած է չա­փա­հաս գաղ­թա­կան ան­հատ­նե­րու, ո­րոնք կարճ կամ եր­կար ժա­մա­նա­կով կ՚ ապ­րին ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւ կը փա­փա­քին սոր­վիլ խօ­սիլ ու գրել յու­նա­րէն լե­զուն:
­­Դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը անվ­ճար է եւ տե­ղի կ­­‘ու­նե­նայ M.K.O-«ΑΠΟΣΤΟΛΗ»ի յա­տուկ սրա­հին մէջ, ե­րե­կո­յեան  ժա­մե­րուն, կրթու­թեան եւ կրօ­նի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ գոր­ծու­ղո­ւած ու­սու­ցիչ­նե­րու կող­մէ։
­­Նաեւ, ա­նոնց հա­մար ո­րոնք կը փա­փա­քին բնա­կու­թիւն հաս­տա­տել ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ, յա­տուկ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան դա­սըն­թացք կայ՝ լե­զո­ւի պե­տա­կան ​​վկա­յա­կան ստա­նա­լու եւ գի­տե­լի­քի­նե­րու վկա­յա­կան ստա­նա­լու հա­մար։
­­Դի­մում­նե­րը առ­ցանց կը կա­տա­րո­ւին հե­տե­ւեալ յղու­մով.-
mkoapostoli.com/η-δράση-μας/εκπαίδευση/ένταξη-ελληνική-γλώσσα-ελληνικός-πολ/#toggle-id-1
­­Յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մար հե­ռա­ձայ­նել՝ 2130-184400
(AMKE ΑΠΟΣΤΟΛΗ: Ήρας 8 & Δέσπως Σέχου 37, ΤΚ. 11743 Αθήνα
(Πλ. Κυνοσάργους) – (μετρό/τραμ: Στάση ΣΥΓΓΡΟΥ-ΦΙΞ)