Ե­րեք­շաբ­թի, 4 ­Փետ­րո­ւար 2025-ին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­Սա­հակ Ծ. վրդ. Ե­մի­շեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս) շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Նա­զար Ա­ւա­գեա­նի, մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Հ. բա­նա­կի 33-րդ ­տա­րե­դա­ձին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նար­կին:
­Հայր սուր­բը նախ շնոր­հա­ւո­րեց Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նը բա­նա­կի օ­րո­ւան ա­ռի­թով եւ մաղ­թեց, որ Աս­տո­ւած պահ­պա­նէ եւ օրհ­նէ հա­յոց բա­նա­կը՝ ի պաշտ­պա­նու­թիւն մեր հայ­րե­նի­քին եւ ժո­ղո­վուր­դին: Ե­լոյ­թին ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաստ­սա­նի բա­նա­կի սպա­յից դա­սի ու­սա­նող­նե­րը. ­Հայր սուր­բը ող­ջու­նե­լով ա­պա­գայ սպա­նե­րը շնոր­հա­ւո­րեց ի­րենց տօ­նը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, ա­պա օրհ­նեց ա­նոնց:
­Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար պրն. ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, յոյն բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մե­րու զի­նո­ւո­րա­կան կցորդ­ներ եւ այլ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր: Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր ­Սուր­բը ող­ջու­նեց պրն. նա­խա­րա­րը եւ շնոր­հա­կա­լու­թեամբ շեշ­տեց հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ ռազ­մա­կան ծի­րէն ներս: Պրն. նա­խա­րա­րը իր կար­գին շնոր­հա­ւո­րեց ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը հա­յոց բա­նա­կի օ­րո­ւան կա­պակ­ցու­թեամբ: ­Յայտ­նենք, որ ա­ռաջ­նոր­դը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ նաեւ ­Փի­րէա­յի ե­րես­փո­խան տիկ. ­Նի­նա ­Քա­սի­մա­թի­սին հետ, խօ­սե­լով հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ առն­չո­ւած ծրա­գիր­նե­րու մա­սին: