­Յունահայ Նարեկ Ալեքսանեանի ակադեմական նուաճումները

0
4

­Հայ ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն շար­քին, հպար­տու­թեան զգա­ցում­ներ կ­՚արթնց­նեն թե­սա­ղո­նի­կա­հայ ­Նա­րեկ Ա­լեք­սա­նեա­նի գի­տա­կան եւ մաս­նա­գի­տա­կան նոր նո­ւա­ճում­նե­րը։ ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իր ու­սում­նա­կան եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, ան հաս­տա­տուն քայ­լե­րով յա­ռա­ջա­ցած է տնտե­սա­գի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ո­լոր­տին մէջ ու այ­սօր կը դա­սա­ւան­դէ աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­տար գի­տա­կան կա­ճառ­նե­րէն մէ­կուն՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Փ­րինս­թըն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։
Ա­լեք­սա­նեան իր ա­կա­դե­մա­կան բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւ­նը սկսած էր ա­մե­րի­կեան հան­րա­ծա­նօթ Եէյլ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, ուր 2019-ին ա­ւար­տած է Տն­տե­սա­գի­տու­թեան եւ ­Թո­ւա­բա­նու­թեան բա­ժին­նե­րը։ Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րուն ան ար­ժա­նա­ցած է տնտե­սա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռի մրցա­նա­կին՝ իր բարձր յա­ռաջ­դի­մու­թեան հա­մար։ ­Նոյն շրջա­նին, ա­նոր ա­ւար­տա­կան հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քը՝ «The Equilibrium Impact of Robots on Labor Markets», ներ­կա­յա­ցո­ւած էր նաեւ Եյ­լիի Տն­տե­սա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քի մրցա­նակ­նե­րու թեկ­նա­ծու աշ­խա­տանք­նե­րու շար­քին։
Այ­նու­հե­տեւ, Ա­լեք­սա­նեան իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Փ­րինս­թըն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լով մակ­րոտն­տե­սա­գի­տու­թեան եւ ֆի­նանս­նե­րու ո­լորտ­նե­րուն մէջ։ 2021-ին ան Փ­րինս­թը­նէն ստա­ցած է մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճան, իսկ 2025-ի ա­կա­դե­մա­կան հանգ­րո­ւա­նին, որ­պէս դոկ­տո­րա­կան թեկ­նա­ծու ներ­կա­յա­ցո­ւած է հա­մալ­սա­րա­նի Տն­տե­սա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քի աշ­խա­տան­քա­յին շու­կա­յի թեկ­նա­ծու­նե­րու շար­քին։
Ա­նոր գի­տա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը կը կեդ­րո­նա­նան մակ­րոտն­տե­սա­գի­տու­թեան եւ ֆի­նանս­նե­րու հատ­ման կէ­տին վրայ՝ մաս­նա­ւո­րա­բար ու­սում­նա­սի­րե­լով, թէ պայ­մա­նագ­րա­յին ո­րո­շում­նե­րը ինչ­պէ՞ս կը ձե­ւա­ւո­րեն տնտե­սա­կան շրջան­նե­րը։ ­Բա­ցի դոկ­տո­րա­կան աշ­խա­տան­քի շրջա­գի­ծէն, իր հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը Փ­րինս­թը­նի մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ հա­մալ­սա­րա­նի մակ­րոտն­տե­սա­գի­տու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին մակ­րոտն­տե­սա­գի­տու­թեան գի­տա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին։
2025-ին Փ­րինս­թը­նի հա­մալ­սա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու դպրո­ցին կող­մէ ան ընտ­րո­ւած էր հա­մալ­սա­րա­նի ու­սուց­ման մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած տա­սը շրջա­նա­ւարտ ու­սա­նող­նե­րէն մէ­կը։ Ան ե­ղած էր «Financial Investments» դա­սըն­թաց­քի գլխա­ւոր դա­սա­ւան­դող օգ­նա­կա­նը՝ նպաս­տե­լով ու­սա­նող­նե­րու ու­սում­նա­կան աշ­խա­տան­քին։ ­Հա­մալ­սա­րա­նի հրա­պա­րա­կած վկա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ ան յատ­կա­պէս գնա­հա­տո­ւած էր բարդ նիւ­թե­րը մատ­չե­լի եւ հասկ­նա­լի ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լու իր կա­րո­ղու­թեան հա­մար։
­Նա­րեկ Ա­լեք­սա­նեան ար­դէն նոյն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, ուր ան­ցու­ցած է իր դոկ­տո­րա­կան ուս­ման տա­րի­նե­րը, կը շա­րու­նա­կէ իր գի­տա­կան եւ դա­սա­ւանդ­ման գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Փ­րինս­թը­նի Տն­տե­սա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քի ներ­կայ պաշ­տօ­նա­կան ցան­կին մէջ ան կը նշո­ւի որ­պէս դա­սա­խօս։
Տն­տե­սա­գէտ ­Նա­րեկ Ա­լեք­սա­նեան, 2025-ին մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Հայ­կա­կան Տն­տե­սա­գի­տա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան (Armenian Economic Association) Ե­րի­տա­սարդ ­Գիտ­նա­կան­նե­րու աշ­խա­տա­ժո­ղո­վին՝ իր «Endogenous Wage Indexation and Aggregate Supply» ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ։
­Նա­րեկ Ա­լեք­սա­նեան փոքր տա­րի­քէն մաս­նակ­ցած է թե­սա­ղո­նի­կա­հայ կեան­քին, ցու­ցա­բե­րե­լով բա­ցա­ռիկ հմտու­թիւն­ներ եւ կա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Ան աչ­քի զար­կած է իր ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ժրա­ջան ան­դա­մակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բին եւ որ­պէս դպիր Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։
Իր նո­ւա­ճած բա­ցա­ռիկ ու­ղին եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը հպար­տու­թիւն յա­ռա­ջաց­նող ի­րա­գոր­ծում­ներ են, ցոյց տա­լով, որ որ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան գի­տա­կան նե­րու­ժը սահ­ման­ներ չու­նի։
­Բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն եւ ա­կա­դե­մա­կան ու գի­տա­կան փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք մեր հայ­րե­նա­կի­ցին։