ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Յունահայ գաղութը արժանաւորապէս նշեց Վեհափառ հայրապետի
գահակալութեան 30-ամեակը
29 Մայիսէն մինչեւ 1 Յունիս 2025, Յունահայոց թեմը վայելեց հովուապետական այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, որուն ի պատիւ կազմակերպուած բոլոր ելոյթները խանդավառութեան եւ ազգային վերելքի առիթներ դարձան։
Վեհափառի անմիջական ներկայութիւնը յունահայ կեանքէն ներս նպաստեց ազգային մթնոլորտի ստեղծման, որուն ընդմէջէն յունահայ ժողովուրդին ուղղուած հայրապետական խօսքերը, հանդիսացան վերանորոգումի եւ վերակենսաւորման իմաստալից պատգամներ։
Վեհափառը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի բարձրագոյն քաղաքական ղեկավարութեան եւ յոյն եկեղեցւոյ պետին հետ։
ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ
Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2025-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ հոգեւորականներու շքախումբը Աթէնքի օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցան Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եաննիս Լովերտոսի, Յունաստանի եկեղեցւոյ պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոսպոսի ներկայացուցիչներուն, Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի եւ կրօնական դասին, Հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի, կաթողիկոսարանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմէն Տէրեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի կողմէ:
ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԵԼԼԷՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Նոյն օրուան կէսօրին, Վեհափառը հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ եւ անոր փոխանցեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի ողջոյնները, նաեւ անոնց կողմէ կատարուած կարգ մը առաջարկները: Ապա, Հայրապետն ու վարչապետը ընդհանուր քննարկման առարկայ դարձուցին Միջին Արեւելքի պարզած աշխարհաքաղաքական կացութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս յատկապէս անդրադարձան Հայաստանի, Լիբանանի ու Սուրիոյ ներկայ իրավիճակներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն ծանօթ է Յունաստանի վարչապետին, որուն հետ նախապէս հանդիպումներ ունեցած է: Իր պատուիրակութեան ներկայութեան, Վեհափառը վարչապետին յանձնեց Բարձր Բերդի Աւետարանի կրկնօրինակը: Ապա, Նորին Սրբութիւնն ու վարչապետը առանձնանալով՝ զրոյց ունեցան վերջինի գրասենեակին մէջ:
Յաջորդ օր, Վեհափառ հայրապետը ընդունեց Յունաստանի անվտանգութեան ընդհանուր պատասխանատուին այցելութիւնը։ Հանդիպումի քննարկումները ընդգրկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքները։ Ապա, Հայրապետին այցելեց Յունաստանի կրթութեան, կրօնական հարցերու ու մարմնակրթութեան նախարար Սոֆիա Զախարաքի։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ թեմի ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Առիթ եղաւ լայնօրէն քննարկելու հայկական ազգային վարժարաններու օժանդակութեան հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ։
Նախարարը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց կաթողիկոսի առաջարկին՝ սիրով ընդառաջել Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններուն կատարուող պետական օժանդակութիւնը առաւել ծաւալելու։ Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ համազգային ու եկեղեցական որոշ խնդիրներ։ Աւելի ուշ, տեղի ունեցաւ հանդիպում կրթական նախարարութեան կրօնական հարցերու ընդհանուր քարտուղար Եորղոս Քալանծիսի հետ, ներկայութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի։
Նոյն օրուան երեկոյեան, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս, ճաշկերոյթ սարքեց ի պատիւ Արամ Ա. Վեհափառին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Յունաստանի թեմի առաջնորդը եւ Հայրապետի պատուիրակութեան անդամները: Փոխանակուեցան հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ ու յոյն ժողովուրդներուն առնչուած տեսակէտեր, տեղեկութիւններ ու հարցեր: Ճաշկերոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Ճաշկերոյթէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետին եւ պաշտպանութեան նախարարին միջեւ կայացաւ առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Յունաստանի զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Լիբանանի, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւնը, փափաք յայտնեց, որ շարունակուի յիշեալ երկու երկիրներու բանակներուն օժանդակութիւնը, նկատի ունենալով անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Հանդիպումներու շարքին, յատկանշական եւ ուշագրաւ էր Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի եկեղեցւոյ պետ Իէրոնիմոս արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Այս առիթով, Արքեպիսկոպոսը պաշտօնական ճաշկերոյթ կազմակերպեց, որուն ընթացքին արտասանուեցան պատշաճ խօսքեր եւ կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում։ Նորին Սրբութիւնը Արքեպիսկոպոսին նուիրեց Նարեկ աղօթամատեանի բնագիրի կրկնօրինակը, իսկ Արքեպիսկոպոսը Հայրապետին՝ յոյն եկեղեցւոյ յատուկ կրօնական զարդարուեստ մը։
Տեսակէտեր ու առաջարկներ փոխանակուեցան հայ ու յոյն եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու ուղղութեամբ։
«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» ԳԻՐՔԻ ՅՈՒՆԱՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Ուրբաթ, 30 Մայիս 2025-ին, Աթէնքի խորհրդարանի հին շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի անգլերէն լեզուով հեղինակած «Հայ Եկեղեցին» գիրքի յունարէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսին եւ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին:
Վեհափառի հեղինակած գիրքը թարգմանուած է շուրջ տասը լեզուներու եւ լայն ընդունելութիւն գտած է օտար շրջանակներու կողմէ: Յիշեալ գիրքը յունարէնի թարգմանեց յոյն եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եպիսկոպոսներէն Նէա Ֆիլատելֆիայի Մետրոպոլիտ Ղաւրիիլ եւ հրատարակութեան արժանացաւ Յունաց եկեղեցւոյ հրատարակչատան կողմէ։
Շնորհահանդէսին ներկայ եղան յոյն եւ հայ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Խօսք առին Ղաւրիիլ եպիսկոպոս, նախկին նախարար եւ համալսարանի դասախօս Էվակելոս Վենիզէլոս եւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան: Անոնք ներկայացուցին գրքին բովանդակութիւնը՝ շեշտելով անոր կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ ամբողջական ու ճշգրիտ ճանաչողութեան իմաստով: Շնորհահանդէսի փակման խօսքը կատարեց Վեհափառ հայրապետը: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.-
Ա) Գիրքը յստակ ցոյց կու տայ հայ ու յոյն եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն պատմական յարաբերութիւնը: Այդ յարաբերութիւնը ո՛չ միայն եղած է սերտ, այլ համապարբակ, ներառնելով մեր եկեղեցւոյ ու կեանքի զանազան բնագաւառները:
Բ) Գիրքը կը ներկայացնէ հասարակաց աւանդութիւններն ու արժէքները, որոնք միշտ գոյութիւն ունեցած են երկու եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ: Այսօր եւս անոնք ունին հասարակաց դատ, հետեւաբար՝ գործակցութիւնը պէտք է աւելիով սերտանայ։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան եւ ընդգծեց քրիստոսաբանական մարզին մէջ փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է անցեալէն եկող կարծրատիպերը վերանան։ Նոր պայմաններու լոյսին տակ ու նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց՝ երկու եկեղեցիներու գործակցութիւնը պէտք է ամրանայ։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻ ՇՔԵՂ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Շաբաթ, 31 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Աթէնքի Մարիոթ հիւրանոցի սրահին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը՝ յունահայ կառոյցներու, յոյն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու ներկայութեամբ։ Ճաշկերոյթը կազմակերպուած էր Ազգային վարչութեան կողմէ։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգ. վարչութեան անդամ Շողիկ Տատոյեան, որ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառին եւ ընդգծեց անոր հովուապետական այցելութիւններու ստեղծած ոգեւորութիւնը։
Ազգային վարչութեան անունով, ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետի վերանորոգող ու ներշնչող ներկայութիւնը թեմին մէջ։ Ան յատկապէս ըսաւ, որ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը յունահայութեան պարգեւեց հոգեւոր ցնծութիւն ու խանդավառութիւն։
Յատուկ նշում ըրաւ Վեհափառի հեղինակած գիրքի յունարէն հրատարակութեան եւ յարգանքի արտայայտութիւններուն՝ հելլէն եկեղեցական շրջանակներուն կողմէ։
Յաջորդաբար, օրուան խօսքը կատարեց Քերոբ Էքիզեան եւ ներկայացուց Վեհափառ հայրապետի անձին ու հովուապետին բազմաբեղուն անձնաւորութեան արժեւորումը որպէս մտաւորական, քաջ հովուապետ, շինարար եւ միջ-եկեղեցական ու միջազգային հանրածանօթ անձնաւորութիւն։ Խօսողը նաեւ նկատեց, թէ Վեհափառը որպէս հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգի եզակի դէմք, հայրապետական գահակալութեան 30 տարիներու շրջանին նոր էջ բացած է հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ։
Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան իր երախտագիտական խօսքին մէջ ընդգծեց Վեհափառի գահակալութեան իւրայատուկ երեսները ու նշանակալից իրագործումները։ Ապա, հրաւիրեց Հայրապետը, որպէսզի ներկաներուն ուղղէ իր հայրական պատգամը։
Արամ Ա. կաթողիկոս իր գահակալութեան 30 տարիներու գործունէութիւնը բնորոշեց «ծառայութիւն» բառով։ Հայրապետը շեշտեց, որ անթիլիասական ծառայութիւնը նոր վարկ ու ծաւալ ստացաւ՝ իր մէջ ներառնելով ողջ հայութիւնը, Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքի բազմազան բնագաւառները։ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսութեան առիթով տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ՝ պատրաստուած կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ։
Հանդիսութեան աւարտին, յանուն Յունաստանի Հայոց թեմին, Վեհափառ հայրապետին որպէս նուէր յանձնուեցաւ հայրապետական մատանի։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ
Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագին նախագահեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Պատարագը մատուցեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տ. Տաճատ եպս. Աշըգեան, իսկ երգեցողութիւնը զմայլելի ներդաշնակութեամբ կատարեց «Այվազեան» վոկալ խումբը, ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Գրիգորեանի եւ երգեհոնի կատարումով Լուսինէ Թեփելեանի:
Կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք՝ Վեհափառի գահակալութեան 30-ամեակին առիթով, որուն նախագահեց Տ. Շահան արք. Սարգիսեան եւ մասնակցեցաւ հոգեւոր դասը, սպասարկող դպիրներն ու սարկաւագները: Ապա, հաւատացեալներուն իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը։
Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանը, թեմի Ազգային վարչութիւնը, երեսփոխանական ժողովը, յարակից մարմիններն ու յունահայ գաղութին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները: Ան շեշտեց, որ թեմի կեանքէն ներս վերակազմակերպումի նոր ընթացք մը սկսած է նոր առաջնորդի եւ նոր երեսփոխանական ժողովի ընտրութեամբ: «Անհրաժեշտ է, որ վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի նոր ընթացք մը բացուի գաղութին մէջ», ընդգծեց Վեհափառը: Իր խօսքը ուղղելով յատկապէս Յունաստանի հայ գաղութին՝ Հայրապետը շեշտեց, թէ ժայռի վրայ շինուած հաւաքական տունը պէտք է աւելի ամրանայ՝
ա) բոլորուելով հաւատքի տան՝ եկեղեցւոյ շուրջ.
բ) ամրապնդելով հայ մշակոյթի տունը ու յատկապէս հայ դպրոցը.
գ) հետապնդելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները.
դ) նոր մղում տալով գաղութի վերակազմակերպումի աշխատանքներուն:
Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Ապա, Ազգային վարչութիւնը ճաշկերոյթ սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Վեհափառը հանդիպում ունեցաւ Ազգային վարչութեան հետ եւ քննարկեց թեմական հարցեր։ Նաեւ, հանդիպեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ եւ առիթը ունեցաւ զրուցելու գաղութին հետ աղերս ունեցող նիւթերու մասին։
Առաւել, յատուկ հանդիպում ունեցաւ թեմէն ներս ծառայող միաբան եւ քահանայ հայրերուն հետ, որոնց իր հայրական յորդորներով կատարեց անհրաժեշտ թելադրանքներ։
Յատկանշական էր Հայրապետի բարձր ներկայութիւնը եւ ստեղծած ոգեւորութիւնը Համազգայինի կազմակերպած պարային համոյթին։ Առանձին թղթակցութեամբ կ՚անդրադառնանք ելոյթին ու ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին։