Այսօր, Կիրակի 22 Սեպտեմբեր 2024-ին առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի ունեցաւ Յունահայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Սահակ ծ.վրդ Եմիշեանի առաջին պատարագը, Աթէնքի առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոս Սրբազանի ներկայացուցիչներուն, հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, եկեղեցական դասին, Յունահայոց Ազգային վարչութեան,  ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչին, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ խուռներամ ժողովուրդի։

Պիտի յաջորդէ մանրամասն թղթակցութիւն։