Փոքր Ասիոյ աղէտի եւ Յունաստանի հայ գաղութի ստեղծման 100-ամեակներու զոյգ առիթներով, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանը եւ Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութիւնը կը կազմակերպեն Յունահայկական բարեկամութեան նուիրուած Յուշակոթողի պաշտօնական բացում՝ Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին վրայ (25ης Μαρτίου & Πλατεία Αθανασίου Καρύλλου)
Բացումը պիտի կատարէ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Ս. Ծուլաքիս:
Կը նախագահէ ընկ.հի Արշալոյս Սափրիչեան
Ողջոյնի խօսքեր՝
* Նէա Զմիռնիի քաղաքապետարանի կողմէ՝ պրն. Վանկելիս Խաչատուրեան
* Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան կողմէ՝ ընկ. Սերգօ Գույումճեան
* Քանդակագործ Արամ Թորոս
Ելոյթ կ’ունենայ Համազգայինի «Նանոր» պարախումբը։
Յունական գեղարուեստական յայտագիր։
Կը հրաւիրուի համայն հայութիւնը։
Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէ