­Տա­րի­նե­րու ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, այս տա­րի եւս Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն միու­թեան ան­դարձ մեկ­նած ան­դամ­նե­րուն, բա­րե­րար­նե­րուն եւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն յի­շա­տա­կին։ ­
Նէոս ­Գոզ­մո­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան եւ պա­տա­րա­գեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան։
­Ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէն, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը, ան­դամ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը, ո­րոնք յար­գե­ցին միու­թեան մէջ ան­շա­հախն­դիր ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած ան­թիւ նո­ւի­րեալ­նե­րու յի­շա­տա­կը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց զո­հա­բե­րու­թեան գա­ղա­փա­րին, տուրք տա­լով կա­նա­ցի մեծ միու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք գոր­ծե­ցին բա­րե­սի­րա­կան եւ կրթա­կան մար­զէն ներս, յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջ ար­մա­տա­ւո­րե­ցին ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ո­գին, ցա­նե­ցին հայ լե­զո­ւի ու մշա­կոյ­թի սեր­մե­րը, ի­րենց ամ­բող­ջա­կան կեան­քը նո­ւի­րե­լով սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման հա­մար։