­Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին. «Մտաւորական հսկայ մը»

0
26

Ս­տո­րեւ, թարգ­մա­նա­բար կու տանք ­Ռազ­միկ ­Փա­նո­սեա­նի` «­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեա­նի յի­շա­տա­կին.
«Մտա­ւո­րա­կան հսկայ մը» խո­րագ­րեալ յօ­դո­ւա­ծը, որ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ անգ­լիա­տառ հայ մա­մու­լին մէջ, ուղ­ղո­ւած՝ անգ­լիա­խօս սփիւռ­քին:
­Փա­նո­սեան յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցէ ­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեա­նի հսկա­յա­կան ներդ­րու­մին սփիւռ­քա­հայ նո­րա­րար մտքի զար­գաց­ման մէջ: Ինչ­պէս կ’ընդգ­ծէ հե­ղի­նա­կը, ­Քիւրք­ճեա­նի աշ­խա­տան­քը, մաս­նա­ւո­րա­բար ա­նոր 1968-ին գրուած «Երկ­րորդ հա­ւա­սա­րում բազ­մա­թիւ ան­յայտ­նե­րով» յօ­դո­ւա­ծը, կոչ մըն էր ուղ­ղո­ւած հայ­կա­կան սփիւռ­քին՝ վե­րի­մաս­տա­ւո­րե­լու իր ինք­նու­թիւ­նը՝ բա­ցո­ւե­լով աշ­խար­հին, այլ ոչ թէ նա­հան­ջե­լով ու մե­կու­սա­նա­լով «կե­թո­յին» մէջ:

Այս ա­մառ հայ­կա­կան սփիւռ­քը կորսն­ցուց իր մե­ծա­գոյն մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն մէ­կը: 8 Օ­գոս­տո­սին, Ա­թէն­քի մէջ, 81 տա­րե­կան հա­սա­կին կեան­քէն հե­ռա­ցաւ ­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեա­նը: ­Թէեւ ա­նոր ա­նու­նը կրնայ լայ­նօ­րէն ճանչ­ցո­ւած չըլ­լալ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ անգ­լիա­խօս այլ եր­կիր­նե­րու մէջ, (ան եր­բեք չէ ձգտած անգ­լե­րէն գրե­լու), ­Քիւրք­ճեան մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է սփիւռ­քեան մտա­ծո­ղու­թեան վրայ:
Այ­սօր, կա­յա­ցած սփիւռ­քը ինք­զինք այդ­պի­սին կը նկա­տէ մա­սամբ ա­նոր աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, յատ­կա­պէս 1960-1970-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն: Ի­րեն սերնդա­կից քա­նի մը այլ ե­րի­տա­սարդ տղոց ու աղ­ջիկ­նե­րու հետ, ­Քիւրք­ճեան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ սփիւռ­քի ինք­նու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րող հիմ­նա­կան ո­րոշ հար­ցեր, ո­րոնք այժ­մէ­կան կը մնան նաեւ այ­սօր:
68-ի (1968) այս հայ սե­րուն­դը կոչ ուղ­ղեց վե­րի­մաս­տա­ւո­րե­լու մեր ինք­նու­թիւ­նը՝ որ­պէս սփիւռ­քա­հա­յեր, նաեւ՝ ինչ­պէ՞ս առն­չո­ւե­լու աշ­խար­հին, մեր ան­ցեա­լին, ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին, եւ հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րին: Այս սե­րուն­դին մաս կը կազ­մէին Գ­րի­գոր ­Պըլ­տեան, ­Մարկ Ն­շա­նեան, ­Վե­հա­նոյշ ­Թե­քեան, ­Խա­չիկ ­Թէօ­լէօ­լեան, ­Ժի­րայր ­Լի­պա­րի­տեան եւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք հե­տա­գա­յին ի­րենց աս­պա­րէ­զը շա­րու­նա­կե­ցին այլ մար­զե­րու մէջ:
­Քիւրք­ճեան ա­ւե­լի մնաց «տան» մօտ՝ ծա­ռա­յե­լով ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ դպրոց­նե­րուն մէջ:
­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեա­նի 1968-ի ա­ռանց­քա­յին անդրա­դարձ-յօ­դո­ւա­ծը՝ «Երկ­րորդ հա­ւա­սա­րում բազ­մա­թիւ ան­յայտ­նե­րով» ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տա­րա­կո­ւած «Ա­հե­կան»ի մէջ (1968, թիւ 3-4, ­Պէյ­րութ), կա­տա­րեալ գլուխ­գոր­ծոց մըն է: Այն կոչ կ’ուղ­ղէ վե­րագ­նա­հա­տե­լու մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը օ­տա­րին հետ: ­Մենք պէտք է խու­սա­փինք «կեթ­թո­յի» ըն­ձե­ռած հանգս­տա­ւէ­տու­թե­նէն, կը պնդէ ­Քիւրք­ճեան, եւ բա­ցուինք աշ­խար­հին. մենք պէտք է վե­րար­ժե­ւո­րենք եւ վե­րա­ձե­ւա­կեր­պենք սփիւռ­քեան մեր ինք­նու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին շրջա­գի­ծի մը մէջ, այլ ոչ թէ ներս նա­յինք ու նա­հան­ջենք դէ­պի մեր սո­վո­րա­կան հանգս­տա­ւէտ սահ­ման­նե­րը: Այս մէ­կը իս­կա­պէս ըմ­բոստ կե­ցո­ւածք մըն եր 1960-ա­կան­նե­րու ո­գիով: ­Պահ­պա­նո­ղա­կան մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ­Քիւրք­ճեան կը պնդէր, որ աշ­խար­հին բա­ցո­ւի­լը էա­կան է հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ար­դիա­կա­նաց­ման հա­մար եւ կա­րե­ւոր` ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ներգ­րա­ւո­ւած պա­հե­լու սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րուն մէջ:
Դժ­բախ­տա­բար, ­Քիւրք­ճեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան մօ­տե­ցու­մը (ինք եր­բեք չէ օգ­տա­գոր­ծած «յե­ղա­փո­խա­կան» բա­ռը) մնաց ա­նար­ձա­գանգ: ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը եւ 68-ի սե­րուն­դին ցրւու­մը պատ­ճառ դար­ձան նո­րա­րա­րու­թեան եւ վե­րա­ձե­ւա­կերպ­ման ճի­գե­րու կա­սե­ցու­մին: ­Պէտք էր «կեթ­թոն» ֆի­զի­քա­պէս եւ մտա­ւո­րա­պէս պաշտ­պա­նո­ւէր: ­Պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւ­նը իր տի­րա­կան թա­թը տա­րա­ծեց սփիւռ­քեան մտքին ու գոր­ծե­լա­կեր­պին վրայ: 1988-ի ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մին պատ­ճա­ռով Ս­փիւռ­քը դադ­րե­ցուց վե­րի­մաս­տա­ւո­րե­լու կամ իր ինք­նու­թեան մա­սին ինք­նու­րոյն մտա­ծե­լու ջան­քե­րը, ո­րով­հե­տեւ բո­լոր հա­յեացք­նե­րը ուղ­ղո­ւած էին դէ­պի Ե­րե­ւան ու Ս­տե­փա­նա­կերտ:
Ս­փիւռ­քը դադ­րե­ցաւ պատ­կե­րաց­նե­լէ իր ա­պա­գան, կամ առ­նո­ւազն իր ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը տե­ղադ­րեց Ե­րե­ւան: Ին­քը՝ ­Քիւրք­ճեա­նը, կը գի­տակ­ցէր, որ սփիռ­քի յա­ռա­ջա­դէմ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ցամ­քած են եւ առ այդ՝ նա­հան­ջեց հա­մայն­քի մտա­ւո­րա­կան սահ­ման­նե­րէն ներս:
Այ­սու­հան­դերձ, այ­լա­խոհ ո­րոշ ձայ­ներ տո­կա­ցին, թէեւ ա­նոնք յա­ճախ կը մնա­յին ան­ծա­նօթ ու չհրա­պա­րա­կո­ւած (բա­ցի ­Փա­րի­զի «­Յա­ռաջ» թեր­թի է­ջե­րէն): 1988-էն եր­կու տաս­նա­մեակ ետք, ­Քիւրք­ճեան հրա­պա­րա­կեց իր 1968-ի յօ­դո­ւա­ծին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը՝ «­Զորս ­Տաս­նա­մեակ Ետք» խո­րագ­րով: 2008-ին, ան հարց կու տար, թէ ի՞նչ ի­րա­գոր­ծե­ցինք մենք (68-ի սե­րուն­դը) վեր­ջին 40 տա­րին՝ փո­խե­լով սփիւռ­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը՝ զայն ա­ւե­լի բաց եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան դարձ­նե­լու հա­մար: Ան հար­ցու­մը կը թո­ղուր ան­պա­տաս­խան, բայց յստա­կօ­րէն կոչ կ’ուղ­ղէր վե­րա­դառ­նա­լու աշ­խար­հին հետ սփիւռ­քի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նե­լու հիմ­նա­կան հար­ցին՝ ընդգ­ծե­լով ա­նոր հետ շփո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ան­կէ մե­կու­սա­նա­լու փո­խա­րէն:
Այս տա­րո­ւայ յու­լի­սին, մենք՝ «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պեն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան մէջ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ե­ռօ­րեայ հան­դի­պում մը՝ մա­սամբ պա­տո­ւե­լու 68-ի սե­րուն­դը, մա­սամբ երկ­խօ­սակ­ցու­թիւն խթա­նե­լու տար­բեր սե­րունդ­նե­րու մէջ ու մի­ջեւ, եւ մա­սամբ վե­րա­կեն­սա­ւո­րե­լու սփիւռ­քա­հայ մտա­ծո­ղու­թեան ա­ւան­դոյ­թը, այլ խօս­քով՝ սփիւռ­քի ներ­կայ կա­ցու­թեան ու ա­պա­գա­յին մա­սին մտա­ծե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը: ­Մեր այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ո­րոշ չա­փով ներշն­չո­ւած էր ­Քիւրք­ճեա­նէն:
­Հան­դի­պու­մին վեր­նա­գի­րը՝ «­Հա­ւա­սա­րում ­Նո­րոգ», յա­ռաջ բե­րած էինք ա­նոր 1968-ի յօ­դո­ւա­ծի վեր­նագ­րի բա­ռե­րուն հետ խա­ղա­լով: Ա­ռա­ջին հրա­ւէր նա­մա­կը ու­ղար­կե­ցի ­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեա­նին: ­Շատ ու­րա­խա­ցանք, որ ան ըն­դու­նեց հրա­ւէ­րը: ­Ճիշդ էր զինք հոն ու­նե­նալ թէ՛ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու ի­րեն, եւ թէ՛ ներշն­չո­ւե­լու իր­մէ: ­Քիւրք­ճեան անդ­րա­դար­ձաւ, թէ որ­քա՛ն մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է իր յօ­դո­ւա­ծը հրա­պա­րա­կու­մէն 55 տա­րի ետք, եւ որ­քա՛ն այժ­մէա­կան կը մնայ ան: ­Կար­ծես դեռ ան­ցեալ շա­բաթ գրո­ւած է:
­Քիւրք­ճեան հա­մես­տու­թիւն կը բու­րէր, հա­ճե­լի ըն­կե­րա­կից էր եւ ա­ռա­տա­ձեռն անձ­նա­ւո­րու­թիւն: Որ­պէս ու­սու­ցիչ ո­գեշն­չեց ու­սա­նո­ղա­կան բազ­մա­թիւ սե­րունդ­ներ, խթա­նեց մեր մտա­ծո­ղու­թիւ­նը եւ ծի­ծա­ղա­շարժ իր պատ­մու­թիւն­նե­րով խան­դա­վա­ռեց մեզ: ­Լիզ­պո­նի մէջ, մենք խօ­սե­ցինք ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րու մա­սին: Ե­րեք շա­բաթ ետք, Covid-ը խլեց ա­նոր կեան­քը՝ մեծ պա­րապ մը ձգե­լով մեր հո­գի­նե­րուն ու մտքե­րուն մէջ: Ա­նոր ա­ւան­դը հսկա­յա­կան է հա­յա­խօս աշ­խար­հին մէջ՝ իր բազ­մա­թիւ գրու­թիւն­նե­րով, լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­գիր­քե­րով, հա­յե­րէ­նէ-ֆրան­սե­րէն բա­ռա­րան­նե­րով եւ իբ­րեւ ու­սու­ցիչ:
­Լի­բա­նա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, հա­զա­րա­ւոր ա­շա­կերտ­ներ ի­րենց մտա­ւոր զար­գա­ցու­մը կը պար­տին ի­րեն: Ա­նոր նո­րա­րա­րա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն ծա­նօթ են հայ լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ­նե­րը:
­Քիւրք­ճեան մաս­նա­գէտ խմբա­գիր էր:
­Դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րը լաւ գի­տեն, որ 1980–ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն կէ­սե­րուն, ան կը հրա­ւի­րո­ւի Ա­թէնք՝ մաս կազ­մե­լու «Դ­րօ­շակ»ի (կու­սակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ) խմբագ­րու­թեան, կու­սակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան մա­սին հրա­պա­րա­կում­նե­րու զու­գա­հեռ:
­Շուրջ չորս տա­րի ա­ռաջ, ան ինք­զինք­նին տո­ւաւ ­Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի հրա­տա­րա­կո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն խմբագ­րա­կան եւ տպագ­րա­կան սխալ­նե­րը շտկե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: Երբ ես հարց տո­ւի ի­րեն, թէ ին­չո՞ւ կ’ու­զէր ձեռ­նար­կել նման յոգ­նե­ցու­ցիչ աշ­խա­տան­քի մը, որ իր ժա­մա­նա­կէն պի­տի խլէր շուրջ մէկ տա­րի, ան պար­զա­պէս պա­տաս­խա­նեց ի­րեն բնո­րոշ հե­զու­թեամբ. «ես պար­տա­կան եմ ի­րեն, այդ իմ մտա­ւոր պարտքս է 20-րդ ­դա­րու հայ մե­ծա­գոյն վի­պա­սա­նին»: Եւ ան այդ գոր­ծը կա­տա­րեց ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ:
­Յա­րու­թիւն ­Քիւրք­ճեա­նի վեր­ջին խօս­քը, որ հնչեց մեր յու­լի­սեան հա­ւա­քին, ա­նոր կոչն էր «ինք­նու­թեան մնա­յուն վե­րա­նա­յու­մի»: 68-ի ըմ­բոս­տու­թեան ո­գին տա­կա­ւին կը մնար բո­ցա­վառ իր հոգ­ւոյն մէջ. մենք չենք կրնար մեր ինք­նու­թիւ­նը առ­նել որ­պէս ան­շարժ կամ ան­փո­փոխ ար­ժէք. մենք պէտք է ա­նընդ­հատ թար­մաց­նենք զայն՝ հա­մա­հունչ հա­մաշ­խար­հա­յին ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն: Իւ­րա­քան­չիւր սե­րունդ պէտք է կա­տա­րէ այդ մէ­կը նկա­տի առ­նե­լով թէ՛ ան­ցեա­լը, եւ թէ՛ ա­պա­գան՝ միա­ժա­մա­նակ կեդ­րո­նա­նա­լով ոչ միայն իր՝ ներ­քին, այ­լեւ զինք շրջա­պա­տող աշ­խար­հին վրայ: ­Քիւրք­ճեան սի­րեց մեր մշա­կոյ­թը, լե­զուն ու հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, սա­կայն ան միա­ժա­մա­նակ բաց էր աշ­խար­հին, նո­րին ու ան­ծա­նօ­թին: Ան այս­պէս էր, ո­րով­հե­տեւ յա­ջո­ղած էր ­Ճե­մա­րա­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը հա­մադ­րել ­Սոր­պո­նի մէջ ստա­ցած փի­լի­սո­փա­յու­թեան բարձ­րա­գոյն ուս­ման հետ:
­Հո­ղը թե­թեւ գայ վրադ սի­րե­լի ­Յա­րու­թիւն: ­Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ ի­մաս­տու­թեամբդ եւ ներշն­չո­ւիլ բա­րու­թե­նէդ:

­Ռազ­միկ ­Փա­նո­սեան — ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նար­կու­թեան հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն, ­Լիզ­պոն, ­Փոր­թու­կալ