­­Կի­րա­կի, 23 ­­Մարտ 2025­-ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1-ին, ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Մեծ ­­Պա­հոց ­­Մի­ջին­քի ճաշ­կե­րոյ­թը։
Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք, թէ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հը լրիւ լե­ցուն էր քա­ջալե­րող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով։ ­­Ներ­կայ էին Տ. ­­Ներ­սէս վրդ. ­­Սա­քա­յեան, շրջա­նի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­­Պա­րէտ քհնյ. ­­Խա­չե­րեան օրհ­նեց սե­ղա­նը, ա­պա խօսք առ­նե­լով յա­նուն Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ու ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ան յայտ­նեց, թէ քա­ռաս­նօ­րեայ ­­Մեծ ­­Պահ­քի ու­ղե­ւո­րու­թեան կի­սուն ար­դէն կը մօ­տե­նանք, զոր կը կո­չո­ւի ­­Մի­ջինք։ Ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած այդ օ­րը, ու­նի իր յա­տուկ նշա­նակու­թիւ­նը եւ պատ­գա­մը, տնօ­րի­նո­ւած մեր ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ հայ­րա­պետ­նե­րուն կող­մէ։
­­Պահք բռնող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մօտ, ­­Մի­ջին­քը կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս քա­ջա­լե­րող ուժ, միեւ­նոյն հա­ւատ­քով շա­րու­նա­կե­լու հա­մար պա­հե­ցո­ղու­թեան մնա­ցեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։ Իսկ պահք չբռնող­նե­րուն հա­մար, ­­Մի­ջին­քը հրաւէր մըն է, միա­նա­լու պա­հե­ցող­նե­րու խում­բին եւ զօ­րաց­նե­լու ի­րենց հա­ւատ­քը։ Ա­ւար­տին ան խո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք ե­կած էին քա­ջա­լե­րե­լու ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ձեռ­նար­կը։
Ա­պա ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը, հայ­կա­կան ու ըն­կե­րա­յին գե­ղե­ցիկ մթնո­լոր­տի մը մէջ ճա­շա­կեց ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կող­մէ յա­տուկ կեր­պով պատ­րաս­տո­ւած պահ­քի տե­սա­կա­ւոր ու հա­մեղ ճա­շե­րը եւ քաղցրե­ղէ­նը։
Ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­ցին ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ անդամ­նե­րը եւ մաղ­թե­ցին ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լութեան մէջ։
­­Հարկ է նշել, թէ Տ. ­­Պա­րէտ քհնյ. ­­Խա­չե­րեան, յա­նուն Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Տիկ­նանց մարմ­նոյ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տիկ. ­­Կա­րի­նէ Մ­խի­թա­րեա­նին, որ ճաշ­կե­րոյ­թին նո­ւի­րած էր ու­տես­տե­ղէ­նի եր­կու տե­սակ­ներ։

ԹՂԹԱԿԻՑ