Նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի, Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթը:
Սուրբ պատարագին հանդիսապետեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Սրբազան հայրը: Տնտեսին առակը վերառնելով, որուն յիշատակութեան օրն էր, Սրբազանը խօսեցաւ առակէն եկող պատգամներու մասին: Իր խօսքին մէջ Առաջնորդը դիտել տուաւ, թէ ամէն մարդ իր ունեցած շնորհնքները, կարողութիւնները պէտք է օգտագործէ ուրիշին օգտակար դառնալու համար, ինչպէս կատարեց անիրաւ տնտեսը:
Հոգեպարար արարողութեան յաջորդեց սիրոյ սեղանը, որ կազմակերպուած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ կողմէ:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց սեղանը եւ ողջունեց ներկաները: Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Էֆի Չոպանեան: Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ վայելեցին մտերմիկ մթնոլորտը, որ զարդարուեցաւ նուէրներու բաշխումով:
Ճաշկերոյթի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Հայրապետական կոնդակը՝ Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Տ . Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեանին շնորհելով վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք եւ այս առիթով նուիրեց ականակուռ լանջախաչ մը:
Աւարտին, Առաջնորդ սրբազան հայրը իր գնահատական խօսքը ուղղեց Տիկնանց մարմնոյ անդամներուն, որոնք անշահախնդիր ձեւով ամէն ջանք ի գործ կը դնեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ