­Մեծ ­Պահ­քի եւ Ա­ւագ ­Շաբ­թո­ւան շրջա­նը շատ աշ­խոյժ եւ խորհրդա­ւոր էր ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րով եւ հան­դի­սա­ւոր Ս. ­Պա­տա­րագ­նե­րով, ո­րոնց մեծ մա­սամբ հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան՝ յա­տուկ հո­գե­ւոր մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լով շրջա­նիս հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին մօտ:
Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցան ա­մէն ­Չո­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօ­տեան, ո­րոնց ա­ւար­տին ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց ­Մար­մի­նը խնա­մո­ւած պահ­քի հիւ­րա­սի­րու­թիւն­նե­րով հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րահ: Իսկ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 10 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Մեծ ­Պահ­քի հին­գե­րորդ Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մեծ պաս­տա­րին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին 30 ­Մարտ 2019ին ­Հա­լէպ(­Սու­րիա) տո­ւած հո­վուա­պե­տա­կան պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թեան եւ «Սր­բոց ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց» վե­րա­նո­րո­գեալ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­գործ­ման ու վե­րօծ­ման տե­սե­րիզ­նե­րը:
Հս­կու­մի ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ւե­ցան Ուր­բաթ ե­րե­կո­նե­րը: Ուր­բաթ՝ Ապ­րիլ 5ին Հս­կու­մի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Նա­խա­տօ­նակ՝ «Սր­բոց ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց» տօ­նին առ­թիւ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Կ.­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Լե­ւոն եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» Ազ­գա­յին ­Վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ըն­թեր­ցե­լով «­Հա­ւա­տով խոս­տո­վա­նիմ»ի 24 հա­մար­նե­րը, պատ­րաս­տու­թեամբ ի­րենց ու­սուց­չու­հի տիկ. Ա­լի­նա ­Պար­տաք­ճեա­նի: Ա­ւար­տին, ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մի­ջին­քի ա­ւան­դա­կան ճաշ­կե­րոյ­թը, պահ­քի հա­մեղ ճա­շե­րով, պատ­րաս­տո­ւած՝ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­նե­րու ձե­ռամբ:
­Յի­շենք, թէ նախ­քան ճա­շե­րու սպա­սար­կու­մը, վե­րեւ յի­շո­ւած նոյն ա­շա­կերտ­նե­րը թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում մը կա­տա­րե­ցին «­Վասն հա­ւա­տոյ եւ վասն հայ­րե­նեաց» «­Վար­դա­նանց» պա­տե­րազ­մէն դրո­ւագ մը, դար­ձեալ ի­րենց ու­սուց­չու­հի տիկ. Ա­լի­նա ­Պար­տաք­ճեա­նի պատ­րաս­տու­թեամբ:
­Կի­րա­կի՝ 21 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Ծաղ­կա­զար­դը փա­ռա­ւո­րա­պէս տօ­նախմ­բո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. ­Պա­տա­րա­գով, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ ո­րու ա­ւար­տին թա­փօր կազ­մո­ւե­ցաւ, դպիր դպրու­հի­նե­րու եւ շրջա­նիս Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, որ ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ դար­ձաւ շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ձի­թե­նիի եւ ար­մա­ւե­նիի ճիւ­ղե­րով: Ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը յա­տուկ ա­ղօթ­քով օրհ­նեց բո­լոր մա­նուկ­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը, ո­րոնց ար­դէն բաժ­նո­ւած էին գե­ղե­ցիկ զար­դա­րո­ւած մո­մեր, տրամադ­րո­ւած ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ կող­մէ, եւ պատ­րաս­տու­թեամբ տիկ. ­Լու­սի Ս­վաք­ճեա­նի: ­Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան Դռն­բա­ցէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ: ­Թէ´ ա­ռա­ւօ­տեան Ս. ­Պա­տա­րա­գին եւ թէ ե­րե­կո­յեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը օ­րո­ւան պատ­գամն ու խոր­հուր­դը փո­խան­ցեց ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, հասկ­նա­լի եւ բա­ցատ­րո­ղա­կան ձե­ւով:
Ա­ւագ ­Շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ալ ներ­կայ ե­ղաւ մեր Ա­ռաջ­նոր­դը, Ա­ւագ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 23 Ապ­րի­լին «­Տա­սը կու­սա­նաց»ի ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան, երբ մեր վար­ժա­րա­նէն տա­սը ա­շա­կեր­տու­հի­ներ, դար­ձեալ ի­րենց ու­սուց­չու­հիին եւ ծնող­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ժա­մա­նե­ցին ե­կե­ղե­ցի եւ շա­պիկ­ներ հա­գո­ւե­լով ու լապ­տեր­ներ բռնե­լով մարմ­նա­ւո­րե­ցին ­Յի­սու­սի կող­մէ պատ­մո­ւած «Ի­մաս­տուն կոյ­սե­րու» ա­ռա­կը: Այս առ­թիւ, Սրբա­զան ­Հայ­րը՝ խօս­քը ուղ­ղե­լով բո­լո­րին, ներ­կա­յա­ցուց ա­ռա­կին նշա­նա­կու­թիւ­նը, թէ´ իր հո­գե­ւոր ի­մաս­տին մէջ եւ թէ մեր այ­սօ­րո­ւան կեան­քի սահ­ման­նե­րէն ներս:
Ա­ւագ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 25 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, Սր­բա­զան ­Հայ­րը կա­տա­րեց «Ոտն­լո­ւա­յի» ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, խո­նար­հա­բար լո­ւաց եւ օ­ծեց ոտ­քե­րը բո­լոր ներ­կա­յա­ցող փոք­րիկ­նե­րուն, իր խօսքն ու պատ­գա­մը ան­գամ մը եւս ուղ­ղե­լով մա­նա­ւանդ ծնող­նե­րուն, մատ­նան­շե­լով ա­նոնց հիմ­նա­կան դե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն դաս­տիա­րա­կու­թեան ուղ­ղու­թեամբ: Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան: ­Յա­ջոր­դա­բար՝ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան կա­տա­րեց «­Խա­ւա­րում»ի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ յու­զեց բո­լոր ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ­Յի­սու­սի երկ­րա­յին կեան­քի վեր­ջին ժա­մե­րը` մատ­նու­թիւ­նը, ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը, ­Պետ­րո­սի ու­րա­ցում­նե­րը, ­Պի­ղա­տո­սի մօտ տա­նի­լը, մա­հո­ւան վճի­ռը, չար­չա­րանք­ներն ու ա­նար­գան­քը, ­Գող­գո­թա­յի վրայ խա­չո­ւի­լը, ա­րե­գա­կի խա­ւա­րու­մը եւ մա­հը պատ­կե­րաց­նող ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­թեր­ցում­ներն ու շա­րա­կան­նե­րը, ապ­րու­մի վե­րա­ծե­լով բո­լո­րիս հո­գի­նե­րուն մէջ:
Ա­ւագ Ուր­բաթ՝ 26 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ք­րիս­տո­սի ­Թաղ­ման կար­գը. ուխ­տա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ի­րենց ու­սին վրայ բարձ­րա­ցու­ցած խորհր­դա­ւոր դա­գա­ղը եւ թա­փօր կազ­մած, դպրաց դա­սին կող­մէ «­Տա­րա­ծեա´» շա­րա­կա­նի եւ «­Տէր Ո­ղոր­մեա´»յի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու եւ տա­րա­զա­ւոր սկաուտ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ, ե­կե­ղեց­ւոյ շուր­ջի թա­ղե­րուն մէջ շրջե­լէ ետք յան­գե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի, ծնրա­չոք՝ «­Խա­չիւ ­Քո Ք­րիս­տոս» Ս. ­Խա­չին փա­ռա­բա­նա­կան եր­գի կա­տար­մամբ: Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղան թե­միս Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ:
Ա­ւագ ­Շա­բաթ՝ 27 Ապ­րի­լին, ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին տաս­նը­վեց ա­շա­կերտ­նե­րու կող­մէ կար­դա­ցո­ւե­ցան մար­գա­րէու­թիւն­ներ ­Հին Կ­տա­կա­րա­նէն, որ­մէ ետք շրջա­նիս ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը մա­տու­ցեց Ք­րիս­տո­սի Հ­րա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան Ճ­րա­գա­լոյ­ցի Ս. ­Պա­տա­րա­գը, ա­պա՝ կա­տա­րեց ­Նա­խա­տօ­նա­կը, ներ­կայ հոծ բազ­մու­թեան տա­լով մեր ­Տի­րոջ Ս. ­Յա­րու­թեան ­Լոյ­սը, «Այ­սօր ­Յա­րեաւ ի ­Մե­ռե­լոց» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ:
­Կի­րա­կի՝ 28 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան, Ս. ­Զատ­կո­ւայ ­Պա­տա­րա­գին դար­ձեալ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ներ­կայ ե­ղաւ, հան­դի­սա­պե­տեց եւ քա­րո­զեց հա­յոց զատ­կա­կան ա­ւան­դա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, շեշ­տեց ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ զա­նոնք պա­հե­լու եւ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն օ­րի­նա­կե­լի ձե­ւով փո­խան­ցե­լու պար­տա­կա­նու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը: Ա­ւար­տին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը օրհ­նեց կար­միր հաւ­կիթ­նե­րը, ո­րոնք բաշ­խո­ւե­ցան հա­րիւ­րի մօտ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:
­Յա­ջորդ օ­րը, Եր­կու­շաբ­թի՝ 29 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Մե­ռե­լո­ցի Ս. ­Պա­տա­րագ եւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, որ­մէ ետք հո­գե­սուրճ հրամ­ցո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հէն ներս:
­Հո­գե­պա­րար էին բո­լոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներն ու Ս. ­Պա­տա­րագ­նե­րը: Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը, սար­կա­ւագ­նե­րը, դպիր­ներն ու դպրաց դա­սը, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ ծխա­կան­ներ, ի­րենց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան կա­րե­լին ի գործ դրած էին այս բո­լո­րի յա­ջո­ղու­թեան եւ լա­ւա­գոյնս կա­տա­րու­մին հա­մար:
­Խո­րա­պէս շնոր­հա­կալ ու ե­րախ­տա­պարտ ենք բո­լորս թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ներ­կա­յու­թեան ու այն­քան գե­ղե­ցիկ պատ­գամ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք տար­բեր լոյս մը ըն­ծա­յե­ցին ­Մեծ ­Պահ­քի, Ա­ւագ ­Շաբ­թուան եւ Ս. ­Զատ­կո­ւան ամ­բողջ մթնո­լոր­տին, տա­լով բո­լո­րիս նոր թափ եւ նոր ուժ, որ­պէս­զի Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թե­նէն վերջ, մեր հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին բո­լոր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն տէր կանգ­նինք իբ­րեւ «նոր» ու «նո­րո­գո­ւած» մար­դիկ, ինչ­պէս ը­սաւ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ ինչ­պէս կը պա­հան­ջեն մեր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատքն ու ա­ւան­դու­թիւ­նե­րը:
Ծ­խա­կան մը