Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» մատուռին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Մեծ Պահքի «Միջինք»-ի չորրորդ հսկումի (խաղաղական եւ հանգստեան) Ժամերգութիւնը։
Արարողութիւնն ու օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը պիտի կատարէ, շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Պիտի յաջորդէ պահքի պատշաճ հիւրասիրութիւն, պատրաստուած շրջանի Հ.Կ.Խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ օժանդակ տիկիններու կողմէ:
Կը հրաւիրենք շրջանիս հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու այս հոգեպարար արարողութեան եւ լսելու օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱՐԷԱ-ԿԵՍԱՐԵԱՆԻԻ