Ուր­բաթ, 28 ­Մարտ 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Մեծ ­Պա­հոց Դ. Հս­կու­մի՝ ­Խա­ղա­ղա­կան եւ ­Հանգս­տեան ­Ժա­մեր­գու­թիւնն ու «Սր­բոց ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց» տօ­նին ա­ռի­թով նա­խա­տօ­նա­կը, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ Ս. եպս. Ե­մի­շեա­նի: Ե­կե­ղեց­ւոյս հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ շրջա­նի ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ա­րա­րո­ղու­թեան՝ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ եւ ըն­թեր­ցում­նե­րով:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը օ­րո­ւան հո­գե­ւոր խորհր­դա­ծու­թեան մէջ շեշ­տեց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը «նե­րել եւ նե­րո­ղա­միտ ըլ­լալ»-ու, որ­պէս պայ­ման մեր նմա­նը(զի­րար) սի­րե­լու, ­Յի­սու­սի մե­ծա­գոյն պատ­գա­մը գոր­ծադ­րե­լու հա­մար:
­Յա­ջոր­դա­բար, օ­րո­ւան յա­տուկ շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյս Ա­տեա­նը զե­տե­ղո­ւած ձե­թով լե­ցուն փոքր տաշ­տի մը մէջ, վա­ռե­ցին քա­ռա­սուն լապ­տեր­ներ՝ ի յի­շա­տակ քա­ռա­սուն նա­հա­տակ ե­րի­տա­սարդ սուր­բե­րուն: Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին՝ ՏԷր հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ներ­կա­յու­թեան եւ հայ­րա­կան պատ­գա­մին հա­մար, ա­պա հրա­ւի­րեց բո­լո­րը ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ, «­Մի­ջինք»-ի ա­ռի­թով ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած պահ­քի յա­տուկ նա­խընթ­րի­քին:
­Ներ­կա­նե­րը, միաս­նա­բար ա­ղօ­թե­լէ ետք, նա­հա­տակ ­Սուր­բե­րու հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ լից­քա­ւո­րո­ւած, խա­ղա­ղու­թեամբ մեկ­նե­ցան ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը:

Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցի