Նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Եմիշեանի Ուրբաթ, 28 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի կատարուի Մեծ Պահոց Դ. Հսկումի՝ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւն, ապա նախատօնակ՝ «Սրբոց Քառասնից Մանկանց» տօնին առթիւ:
Օրուան յատուկ շարականի երգեցողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ Ատեանին մէջ պիտի վառուին քառասուն լապտերներ ի յիշատակ քառասուն նահատակ երիտասարդ սուրբերուն:
Սիրելի հայորդիներ եկէք միասնաբար աղօթենք եւ լիցքաւորուինք նահատակ սուրբերու հաւատքի զօրութեամբ:
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ պիտի յաջորդէ «Միջինք»-ի առթիւ պահքի յատուկ նախընթրիք, պատրաստուած եկեղեցասէր Տիկնանց մարմնոյ կողմէ:
Ս. ՅՈՎՀ. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ