Ընդառաջելով Նիքիայի քաղաքապետարանի հրաւէրին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային խորհուրդի ատենադպիր տիկ. Լուսի Հաննէեան, Երկուշաբթի, 25 Մարտ 2024-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, ներկայ գտնուեցան «Օսիա Քսէնի» հրապարակը, ուր տեղւոյն յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Յունաստանի ազգային տօնի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, օրուան պատգամի փոխանցումը եւ դափնեպսակներու զետեղումը։
Յանուն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկ. Հաննէեան զետեղեց դափնեպսակ մը։ Ետքը տեղի ունեցաւ աշակերտական ու սկաուտական տողանցքը, որուն մաս կազմեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խումբը։
Աւարտին հոգեւոր հովիւն ու Թաղային խորհուրդի անդամը մեկնեցան «Զաւարեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցան սկաուտներու դրօշակի արարողութիւն եւ աստիճաններու տուչութիւն։ Տ. Պարէտ քահանայ խօսք առնելով, շնորհաւորեց յունաց ազգային տօնին առթիւ սկաուտական կազմի պատուաբեր տողանցքը։ Ան շնորհաւորեց նաեւ նոր աստիճանաւորները, մաղթելով անոնց յաջողութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ