­Մարտ 25-ի տօ­նը ­Գո­քի­նիոյ մէջ

Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Նի­քիա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նադ­պիր տիկ. ­Լու­սի ­Հան­նէեան, Ե­րեք­շաբ­թի, 25 ­Մարտ 2025­ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Օսիա Ք­սէ­նի» հրա­պա­րա­կի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, օ­րո­ւան պատ­գա­մի փո­խան­ցու­մը եւ դափնեպսակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։
Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ տիկ. ­Հան­նէեան զե­տե­ղեց դափ­նեպ­սակ մը։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանց­քը, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։
Ա­ւար­տին հո­գե­ւոր հո­վիւն ու ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մը մեկ­նե­ցան «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցան սկաուտ­նե­րու դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ աս­տի­ճան­նե­րու բարձ­րա­ցում։
Տ. ­Պա­րէտ քա­հա­նայ հայ­րը, շնոր­հա­ւո­րեց յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ սկաու­տա­կան կազ­մի ներ­կա­յու­թիւնն ու պա­տո­ւա­բեր տո­ղանց­քը։

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

***

Մարտ 25-ի տօնը Նէա Զմիռնիի մէջ

­Ե­րեք­շաբ­թի, 25 ­­Մարտ 2025­-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, ­­­Նէոս ­­­Գոզ­մոս-­Նէա Զ­միռ­նիի շրջա­նէն ներս, ­յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին ա­ռի­թով, յու­նաց Այ. ­­­Ֆո­թի­նի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք, ա­պա դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում եւ տո­ղանցք, ­­Նէա Զ­միռ­նիի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բուն վրայ:
­­­Նէա Զ­միռ­նիի «Էս­թիա» հրա­պա­րա­կին վրայ յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը, ուր յա­նուն շրջա­նի յու­նա­հայ հա­մայն­քին՝ դափ­նեպ­սա­կ ­զե­տե­ղեց ­­Սեդ­րակ Այ­վա­զեան։
Ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանց­ք, ո­րուն մաս կազ­մեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­­­Ֆիք­սի մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։

Թղթակից