Հ.Կ.Խաչի Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը «Մայրերու Օր»ուան առիթով, ճաշկերոյթ կը կազմակերպէ Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ, «Τριανταφυλλιές» ճաշարանին մէջ (հասցէ՝ Λεωφ. Καρέα 73): Ճոխ ճաշատեսակներ, առատ խմիչք եւ անուշեղէն:
Եկէ՛ք պարենք, զուարճանանք նուագախումբի խանդավառ յայտագրով եւ բոլորս միասին տօնենք մայրութեան օրը:
Տոմսի գին՝ 22 եւրօ:
Սեղան ապահովելու համար հեռաձայնել՝ ընկ. Ծաղիկ Ճամուզեանին 6944243794 եւ ընկ. Եսթէր Օտապաշեանին 6939281616:
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք բոլոր զոյգերը
եւ կը սպասենք ձեր մասնակցութիւնը:
Վարչութիւն