Հ.Գթ.­Խա­չի 49-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի, 26 ­Յու­նո­ւար 2025-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս։ ­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց շրջա­նա­ւարտ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Նո­ւարդ-­Վե­րոն ­Ղա­լի­լէա։
­Ժո­ղո­վին ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դես ե­կան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցո­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի կող­մէ ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեան եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Մարգ­րիտ ­Գոս­տի­կեան, ո­րոնք ար­ժե­ւո­րե­ցին միու­թեան եր­կա­րա­մեայ ծա­րա­յու­թիւ­նը ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայնք­նե­րէն ներս եւ ան­շուշտ հա­մայն հա­յու­թեան ան­ցեա­լի եւ ներ­կայ մար­տահ­րա­ւեր­նե­րու նկատ­մամբ։
Հ.Օ.Մ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ ներ­կայ էր ընկ. ­Լի­զա ­Ժի­լի­պեր ­Չա­լը­քեան, որ Եւ­րո­պա­յի մէջ գոր­ծող Հ.Օ.Մ.-ա­կան միա­ւոր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն է։ Ըն­կե­րու­հին մատ­նան­շեց շրջա­նիս միօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու ար­ժէ­քը եւ ա­մա­ռա­նո­ցի վե­րա­մու­տը, աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ա­պա ներ­կա­յա­ցուց Հ.Օ.Մ.-ի հա­մա­հայ­կա­կան ծրագ­րե­րու շար­քը, մա­նա­ւանդ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան, ­Սու­րիոյ եւ ­Լի­բա­նա­նի պա­րա­գա­յին, որ կը մնան միու­թեան ա­ռաջ­նա­հերթ գոր­ծու­նէու­թեան կի­զա­կէ­տը։
Ընկ. ­Չա­լը­քեան յայ­տա­րա­րեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն, որ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը կը նո­ւի­րէ 50.000 եւ­րօ ա­մա­ռա­նո­ցի աշ­խա­տանք­նե­րու կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան ի խնդիր, խօսք մը, որ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ յուզ­մուն­քա­լից մթնո­լորտ ստեղ­ծեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն։
Ն­շենք, որ ընկ. ­Լի­զա ­Չա­լը­քեան այ­ցե­լեց ­Մա­լա­գեան-­Գաս­պա­րեան ծաղ­կո­ցը, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ, իսկ ան­կէ ետք՝ ա­մա­ռա­նո­ցը, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ըլ­լա­լիք աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին հիմ­նար­կը պի­տի ստա­նայ պե­տա­կան օ­րի­նա­կա­նա­ցում, որ­պէս ե­րե­խա­նե­րու ճամ­բար։
­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին ընտ­րո­ւե­ցաւ նոր Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւն, որ կը բաղ­կա­նայ հե­տե­ւեալ ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րէն՝ ­Նո­ւարդ-­Վե­րոն ­Ղա­լի­լէա, Ա­նուշ ­Պա­պո­յեան, ­Կիւ­լա ­Պեք­տա­շեան, Ան­նա ­Խա­սա­փի, ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեան, ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան եւ ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան։

ԹՂԹԱԿԻՑ