Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 135-ա­մեա­կի տա­րե­դար­ձը։ Ա­թէն­քի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ հրա­պա­րա­կա­յին զրոյց, ո­րուն ըն­թաց­քին զե­կու­ցա­բեր­նե­րը անդ­րա­դար­ձան հա­յու­թեան ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի մէջ, ա­պա յա­ջոր­դեց հարց-պա­տաս­խա­նի բա­ժի­նը հա­սա­րա­կու­թեան հետ։
Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին ձեռ­նարկ, որ կը պա­րու­նա­կէր բա­նա­խօ­սու­թիւն եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր։
Եր­կու ե­լոյթ­նե­րուն ալ խօ­սե­ցաւ ­Լի­բա­նա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րուած «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր ընկ. ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան։
Ուր­բաթ օ­րո­ւան թի­ւով ման­րա­մասն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք։