Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 45-րդ ­բա­նա­կու­մը իր դռնե­րը կը բա­նայ

Ա­ւե­լի քան չորս տաս­նա­մեակ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան շղթայ մը պա­հե­լով՝ այս տա­րի եւս Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Վա­րիչ մար­մի­նը կը կազ­մա­կեր­պէ 45-րդ ­բա­նա­կու­մը՝ Ատ­տի­կէի ­Քե­րա­թէա շրջա­նի ծա­ռա­խիտ բա­նա­կա­վայ­րին մէջ։ Բանակումի տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 26 Օգոստոսէն մինչեւ 5 Սեպտեմբեր:
Այս ան­գամ, բա­նա­կու­մին կը մաս­նակ­ցին մօտ 60 պատանիներ եւ վարիչներ։
Ամ­բողջ տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տը կը հան­դի­սա­նայ ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մը, ո­րուն ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն մեր երկ­սեռ պա­տա­նի­նե­րը՝ միաս­նա­բար վա­յե­լե­լու հա­մար հա­յա­բոյր պա­հեր, ո­րոնց ըն­թաց­քին հա­յե­րէն լե­զուն, հայ­կա­կան երգն ու պա­րը, ազ­գա­յին ո­գին ու մշա­կոյ­թը ի­րենց տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը պի­տի հաս­տա­տեն տաս­նօ­րեայ կե­ցու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։
Անց­նող 45 տա­րի­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւ­նը հսկա­յա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք բե­րած է բա­նա­կում­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տան­քին մէջ։ Եր­կար ա­միս­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ջանք մըն է, որ կ­՚ընդգր­կէ կազ­մա­կեր­պա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­ներ, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյն յայ­տա­գի­րը ի գործ դրո­ւի մեր պա­տա­նի սե­րուն­դի վա­յել­քին ու դաս­տիա­րակ­չա­կան պատ­րաս­տու­թեան հա­մար։
Ըն­կե­րա­յին պա­հե­րու, ա­զատ ժա­ման­ցի, ծո­վափ­նեայ լո­ղի եւ այլ զբա­ղում­նե­րու կող­քին, կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը շեշ­տո­ւի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։
­Դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով եւ զրոյց­նե­րով, աշ­խա­տա­նոց­նե­րով, հայ­կա­կան գի­տե­լիք­նե­րու մրցում­նե­րով, ռա­տիո­ժա­մի ու թեր­թի­կի պատ­րաս­տու­թեամբ՝ տաս­նօ­րեայ կե­ցու­թիւ­նը կը ստա­նայ տար­բեր ի­մաստ եւ նշա­նա­կու­թիւն՝ նոր սե­րուն­դին փո­խան­ցե­լով ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան գի­տե­լիք­ներ եւ զայն կազ­մա­ւո­րե­լով հայ­կա­կան շուն­չի ներ­գոր­ծու­թեան ու հո­գեմ­տա­ւոր ազ­դե­ցու­թեան ներ­քեւ։
­Պա­տա­հա­կան չէ, որ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պա­տա­նի­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­ներ կը վեր­յի­շեն բա­նա­կա­վայ­րե­րուն մէջ ան­ցու­ցած ի­րենց ան­մո­ռա­նա­լի պա­հե­րը, իսկ այ­սօր, այ­լեւս ծնողք դար­ձած, ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն ցոյց կու տան նոյն ու­ղին՝ զայն նկա­տե­լով հա­յա­կեր­տու­մի անգ­նա­հա­տե­լի ազ­դակ մը։
Այս տա­րի եւս նա­խա­տե­սո­ւած է բա­նա­կու­մի բաց օ­րը, ո­րուն ըն­թաց­քին ծնող­նե­րը եւ ազ­գա­յին­նե­րը պի­տի այ­ցե­լեն բա­նա­կա­վայ­րը։ Ա­պա պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի յա­տուկ ե­րե­կոյ մը՝ ճաշ­կե­րոյ­թով, ո­րուն ըն­թաց­քին մաս­նակ­ցող պա­տա­նի­նե­րը հան­դէս պի­տի գան հայ­կա­կան ե­րաժշտու­թեան, պա­րի եւ խօս­քի ճոխ յայ­տա­գի­րով։
­Բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք բա­նա­կող պա­տա­նի­նե­րուն եւ ա­նոնց պա­տաս­խա­նա­տու վա­րիչ­նե­րուն։