Բանակումի Թերթիկ 2024 — թիւ 2
Այս տարի եւս յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան 43-րդ ամառնային բանակումը՝ 23 Οգոստոսէն մինչեւ 31 Օգոստոս, Ասթրոս Քինուրիաս ծովեզերեայ քաղաքապետական բանակավայրէն ներս։
Այս օրերու ընթացքին, յայտագիրը կ՚ընդգրկէր մարզական զբաղումներ, դաստիարակչական ծրագիրներ տարիքային խմբաւորումներու համաձայն, բանակումի թերթիկի պատրաստութիւն, յանձնախումբերու աշխատանք, ինչպէս նաեւ ծովու լոգանք եւ ընկերային կեանք։
Ընդհանուր Վարիչ մարմնոյ նպատակն է՝ բոլոր հայ պատանիները միասին գտնուին եւ հաճելի ժամանակ անցնեն հայկական մթնոլորտի մէջ, վայելելով բանակումի կեանքը, խօսելով հայերէն, սորվելով հայկական ազգային եւ յեղափոխական երգեր ու պարեր։ Միաժամանակ, պատանիները կը սորվին գործակցիլ իրարու հետ աշխատանքներու եւ յանձնախումբերու միջոցով։ Վարիչներ եւ պատանիներ միասնաբար կը զուարճանանք եւ գեղեցիկ յիշատակներ կը ստեղծենք բոլորիս համար։
Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կը փափաքի անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր ծնողներուն եւ գաղութի միութիւններուն, որ կը շարունակեն վստահիլ Ը.Վ.Մ. անդամներուն եւ ցոյց կուտան, թէ կը հաւատան Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան տարած գործունէութեան։
Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր օգնական վարիչներուն, որոնք Ը.Վ.Մ. հրաւէրին ընդառաջելով, իրենց ներկայութեամբ եւ աջակցութեամբ օժանդակեցին բանակումի յայտագիրի գործադրութեան։
Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը իր անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ընկերուհիներ Ալիս Ֆուրուճեանին եւ Կիւլա Գարապաճաքեանին՝ իրենց կողմէ սիրայօժար տրամադրուած գնահատելի օգնութեան համար։
Նոյնպէս, շնորհակալութիւն կը յայտնէ տիկիններ Իրինի Սաղիային, Կարինէ Դաւթեանին, Նայիրա Հասրճեանին եւ Վասիլիքի Սամոլաթուին, որոնք ստանձնած էին բանակավայրի հոգատարութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան գործունէութիւնը պիտի շարունակուի՝ վերադառնալով մեր շաբաթական ժողովներուն, նոր յայտարարութեամբ յառաջիկային։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան
Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմին
Վերջին տարին իբրեւ պատանի
Այս տարի իմ վերջին բակակումն է իբրեւ պատանի եւ իրականութիւնը այն է, որ շատ տարօրինակ կը զգամ, որ գրեթէ վեց տարի յետոյ կը համարուիմ «մեծ» պատանի։
Անշուշտ աղուոր է այս զգացումը, բայց չեմ գիտեր, եթէ կ՚ուզեմ, որ այս ժամանակը վերջանայ։ Գիտեմ, որ ամէն ամառ պիտի կարօտնամ անհամբեր սպասելու բանակումի օրերը, ընկերներուս հետ գտնուելու, պահակութիւններ ընելու եւ զուարճանալու ընկերային կեանքի ժամուն։
Սակայն կը մտածեմ, որ Պատանեկանը մեզի համար վերջաւորութիւնը չէ, քանի որ պիտի հանդիպինք Երիտասարդական միութեան շարքերուն մէջ։
Սիլվիա Ոսկերիչեան
Շատ մեծ փոփոխութիւն մը կը զգամ, որովհետեւ այնքան տարի պատանի եմ ու հաւաքած եմ զանազան անմոռանալի յիշատակներ իմ փորձառութենէս։ Հիմա ժամանակը հասած է մանկութիւնը ետ ձգելու, որ կը նշանակէ դառնալ երիտասարդ։ Մէկ կողմէն՝ զիս կը տխրէ մտածումը, որ պիտի չկարենամ երթալ բանակումի եւ Պատանեկանի ժողովներուն, որոնց ընթացքին շատ ուրախ պահեր ապրած եմ։ Սակային միւս կողմէն՝ պատրաստ կը զգամ ապրելու նոր փորձառութիւններ եւ վայելելու յաջորդ տարիներս իբրեւ Երիտասարդական միութեան անդամ։
Քաթերինա Փափատոյեաննի
Այս տարի իմ վերջին տարին ըլլալով իբրեւ պատանի, շատ յուզուած կը զգամ, քանի որ գիտեմ, որ այլեւս առիթը պիտի չունենամ դարձեալ անմոռանալի պահեր ապրելու իմ սիրած անձերուն հետ, իմ ընկերներուս հետ։ Սակայն, շատ հետաքրքրական է, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ Երիտասարդականի կեանքը մեզի համար։ Պատանեկանի անդամ ըլլալը ամէնէն լաւ օրերը եղած են ինծի համար եւ բանակումը մեր բոլոր ամառներու գագաթնակէտը։
Տիգրան Յունանեան
Հարցուցինք չորս վարիչներ
եւ բոլորը պատասխանեցին նոյն ձեւով
Պատանի կա՞մ վարիչ ըլլալ
Կ’երեւի, որ բոլոր վարիչները կը նախընտրեն դարձեալ պատանի ըլլալ, եթէ հնարաւորութիւնը ունենային։ Չորս վարիչներն ալ երբ պատանի էին, արդէն գիտէին, որ կ՚ուզեն վարիչ ըլլալ եւ իրենց նախկին վարիչներու գործն ու աշխատանքը շարունակել նոր սերունդներուն համար։
Հարցուցինք ինչպէս է վարիչ ըլլալը եւ նոյն ձեւով պատասխանեցին, որ գոհ եւ ուրախ կը զգան երբ պատանիները հաճելի ժամանակ կ՚անցնեն բանակումի օրերուն, սակայն պատասխանատուութիւնը շատ մեծ է։ Այս է ամէնէն մեծ տարբերութիւնը, երբ մէկը կ՚որոշէ վարիչ ըլլալ, քանի որ դժուարութիւնները կ՚աւելնան. բայց այս չի նշանակեր, որ անոնք ալ աղուոր յիշատակներ չեն ունենար պատանիներուն հետ։
Արամ Եզեկիէլեան
Անի Տեհերեան
Նուիրատուութիւններ բանակումին առիթով
Արշալոյս Սափրիչեան 50 եւրօ
Խորէն Ցուքալաս 200 եւրօ
Յարութ Սերոբեան 250 եւրօ
Ոմն 150 եւրօ