Հ.Հ.. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ­Նա­խա­գահ՝
պրն. Ա­րա­րատ ­Միր­զո­յեա­նին
եւ Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն

­Յար­գար­ժան պրն. ­Նա­խա­գահ
եւ ­Պատ­գա­մա­ւոր­ներ Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի

­Վեր­ջին 24 ժա­մո­ւան ըն­թաց­քին, ա­կա­նա­տես դար­ձանք ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սրած քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին, որ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­կա­մար­տու­թեան իր ա­մէ­նէն վտան­գա­ւոր ե­րե­սը ցոյց կու­տայ այս պա­հուն։
­Վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի ստո­րագ­րու­թիւ­նը կրող Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի ստո­րա­ցու­ցիչ հա­մա­ձայ­նագ­րին առ­կա­յու­թիւ­նը եւ այդ ա­մօ­թա­լի գոր­ծըն­թա­ցին հետ կա­պո­ւած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու կող­մէ վար­չա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հան­ջը կը փոր­ձո­ւի կա­սեց­նել քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վար դէմ­քե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րով։
­Ժո­ղո­վուր­դին ա­զատ կամ­քը եւ ար­տա­յայ­տու­թեան ի­րա­ւուն­քը բռնաճն­շե­լու նման փորձ՝ դա­տա­պար­տո­ւած է։
Խս­տօ­րէն կը մեր­ժենք ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գե­րէ ներշն­չո­ւած նման գոր­ծե­լա­ձե­ւեր, մեր ժո­ղո­վուր­դի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­լով ա­նոնք։ ­Կը պա­հան­ջենք ձեր­բա­կա­լո­ւած քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու ան­յա­պաղ ա­զա­տագ­րու­մը եւ ան­մի­ջա­պէս կը շեշ­տենք ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան
­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ 
Ա­թէնք՝ 12 ­Նո­յեմ­բեր 2020